Հոկտեմբեր 26-ին, Թիֆլիսի մերձակայքը գտնուող Մուխրանիի մէջ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի վարչապետեր՝ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ալի Ասատով, Վրաստանի իրենց պաշտօնակից Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի միջնորդութեամբ։ Լուրը կը հաղորդէ Վրաստանի կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։
«Հոկտեմբեր 26-ին մենք եռակողմ հանդիպում ունեցանք։ Վրաստան՝ իբրեւ անաչառ միջնորդ, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի բարեկամ, շահագրգռուած է, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատուի»,– ըսած է Ղարիպաշվիլի։
Բանակցութիւններու մանրամասնութիւնները չեն հրապարակուած, սակայն վրացական Imedi հեռատեսիլի հաղորդման համաձայն՝ երեք վարչապետերու հանդիպումը քանի մը ժամ տեւած է։
Միւս կողմէ, վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը հաղորդած է, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Վրաստանի եւ Ազերպայճանի վարչապետեր՝ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի եւ Ալի Ասատովի հետ, մասնակցած է Հոկտեմբեր 26-ին Թիֆլիսի մէջ կայացած «Մետաքսի ճանապարհ» համաժողովի շրջանակին մէջ Վրաստանի վարչապետին տուած պաշտօնական ճաշին:
«Ճաշի ընթացքին երեք վարչապետերը նստած են նոյն սեղանին շուրջ: Անոնք նոյն սեղանին շուրջ եղած են նաեւ ճաշէն առաջ եւ յետոյ՝ բարձրաստիճան հիւրերու ընդունելութեան սրահին մէջ: Այսինքն անոնք քանի մը ժամ միասին եղած են:
Այս շփումներու ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչուող հարցեր:
Շփումները ոչ-պաշտօնական էին եւ չէին ծրագրուած: Հայկական կողմը Ազերպայճանի վարչապետին հետ տեղի ունեցած շփումը օգտակար կը համարէ՝ շարք մը հարցերու մէջ կեցուածքներու նրբութիւնները պարզաբանելու առումով»,– ըսուած է վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։