Search
Close this search box.

ՋԱՒԱԽՔ – Վիրահայոց թեմի առաջնորդի ձեռամբ օծուած է Գոմանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին

 

Հոկտեմբեր 21-ը պատմական օր մը եղած է Ախալքալաքի շրջանի Գոմանի գիւղի բնակչութեան համար: Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս եպիսկոպոս Դաւթեանի ձեռամբ օծուած է տեղւոյն հիմնովին նորոգուած, 1847-ի կառոյց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: 

Այդ օր ի վերջոյ իրականութիւն դարձած է գոմանցիներու երազանքը, փլուզուած եկեղեցին կանգուն եւ գործող  տեսնելու փափաքը:   

Տեղացիները աւանդական աղուհացով  դիմաւորած են Ջաւախք ժամանած Թեմակալ առաջնորդը, առաջնորդական փոխանորդը, Թիֆլիսէն, Ռուսաստանէն, Հայաստանէն ու Վրաստանի տարբեր շրջաններէն եկած հիւրերը: 

Առաջնորդ Սրբազան հօր ձեռամբ եւ Սամցխէ Ջաւախքի ու Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Նշան վարդապետ Հմայեակեանի  մասնակցութեամբ, Թադէոս  քահանայ Տէր-Մկրտչեան եւ Նարեկ քահանայ Տիգրանեան Սուրբ միւռոնով օծած են եկեղեցւոյ սիւները, մկրտութեան աւազանը, պատկերները, որոնք վերածուած են սրբապատկերի:

Դռնբացէքի արարողութենէ ետք, նորաօծ եկեղեցւոյ Սուրբ խորանէն շնորհաւորանքի  խօսքերով  ներկաներուն դիմած է Թեմակալ առաջնորդը: Ան բարձր գնահատած է ռուսաստանաբնակ հայր եւ որդի Ռուբէն եւ Դաւիթ Բանդիկեանը՝  իրենց ծննդավայրի նորոգուած ու օծուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին գիւղին ու անոր բնակչութեան վերադարձնելնուն համար: Կիրակոս եպիսկոպոս բարերարներուն նուիրած է  օրհնութեան գիր եւ սրբապատկեր:

Աւարտին, Բանդիկեան ընտանիքին կողմէ հիւրասիրուած են բոլոր ներկաները։