Search
Close this search box.

Միամի՞տ, ծառա՞յ, թէ՞ «դաւաճան»

Քաղաքական մթին հաշիւներու հետեւանք էր Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը Սեպտեմբեր 1-ին եւ Սամուէլ Շահրամանեանի ընտրութիւնը՝ Սեպտեմբեր 8-ին, որուն նախագահութեան 12-րդ օրը՝ Սեպտեմբեր 19-ին Ազերպայճան յարձակեցաւ Արցախի վրայ եւ միօրեայ պատերազմէ ետք նորընտիր նախագահը ընդունեց պարտութիւնը եւ հռչակեց Հանրապետութեան լուծարումը, որմէ ետք ալ Արցախահայութիւնը լքեց երկիրը։ Պարտութիւնը չէր բաւեր, անոր աւելցաւ նաեւ Ազերպայճանի իշխանութեան կողմէ Արցախի նախկին նախագահներու եւ կարգ մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կալանաւորման ամօթանքը։

Արցախի իշխանութեան վերջին օրերու կառավարումը տակաւին երկար քննարկումներու նիւթ պիտի դառնայ։ Սամուէլ Շահրամանեան Հայաստան տեղափոխուելէն ի վեր լուռ էր, ինչ որ բազմաթիւ Արցախցիներու համար անհասկնալի էր ու անընդունելի։ Մէկ շաբթուան մէջ 100.000 հոգի իր բնօրրանը լքած էր, որմէ ամիս մը ետք, դեռ ոչ մէկ պարզաբանում, քաղաքական գնահատանք, ապագայի վերաբերեալ ծրագիր, ճանապահային քարտէս կամ ներողութիւն յայտնուեցաւ Արցախցիներուն։

Ինչո՞ւ նախագահի փոփոխութիւն պարտադրել եւ այսքան ձախաւեր արդիւնքի հասնիլ. ո՞ր ուժին յոյս կապած՝ նման քայլի դիմեցին Արցախի իշխանութիւնները։ Ինչո՞ւ Արցախի խորհրդարանական փոքրամասնութիւն մը կրցաւ օրինաւոր ընտրութեամբ նախագահի հրաժարումը պարտադրել, ինչո՞ւ Սամուէլ Շահրամանեան ընդունեց նախագահութեան պաշտօնը, ի՞նչ յաւակնութեամբ։ Երկիրը յաղթանակի առաջնորդելու ի՞նչ երաշխիքներ ունէր, որ ընդունեց ստանձնել այդ պաշտօնը։ 

Աւելորդ է ըսել, որ Արցախի նախագահի ընտրութեան կ՚ընկերակցէր Հայաստանի կառավարութեան հասցէին ռուսական պետական մակարդակի սպառնալիքներ ու մեղադրանքներ։ Այս երեւոյթը կը յուշէ որ ռուսական իշխանութիւններու թելադրանքին կամ պարտադրանքին տակ է, որ Արցախի իշխանական փոփոխութիւնները կատարուեցան։ Ռուսական ուժերը 2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանը եւ Արցախը պաշտպանելու ոչ մէկ գործնական քայլ առին, ընդհակառակն, աշխատեցան աւելի՛ ու աւելի՛ տկարացնել զայն, թիկունք կանգնելով Ազերիներուն, Հայաստանին պարտադրելու համար «Զանգեզուրի միջանցք»-ի զիջումը իրենց՝ Ռուսերու վերահսկողութեան ներքոյ։ Մէկ խօսքով, Արցախի իշխանութիւնը դարձաւ ռուսական ուժերու գործիք Հայաստանին զիջումներ պարտադրելու։

Սամուէլ Բաբայեան, Արցախի խորհրդարանի «Միասնական հայրենիք» խմբակցութեան նախագահը, միակը որ մերժած էր Շահրամանեանի իշխանութիւնը, հանրային կերպով քանիցս յայտարարած է, որ պատրաստ է Պետական նախարարի պաշտօնը ստանձնելու եւ Ազերիներուն հետ բանակացութիւններ վարելու Արցախի կնճիռը լուծելու համար։ Բաբայեանի համար ուղղակի երկխօսութիւնը միակ ճանապարահն էր Արցախը անել դրութենէն դուրս հանելու համար։ Սակայն, անոր այս առաջարկը կը հակասէր ռուսական ծրագրերուն։ Արցախի իշխանութիւնը հռչակեց «ո՛չ զիջում, ո՛չ երկխօսութիւն» քաղաքականութիւնը, Ռուսաստանի օգնութեան ապաւինելով։

Եւ դժբախտութիւն է տեսնել, որ Արցախի ղեկավարութիւնը 2022 Դեկտեմբերէն ի վեր, հակառակ 10-ամսեայ շրջափակումին, տակաւին յոյս ունէր որ ռուս խաղաղապահ ուժերը պիտի պաշտպանեն Արցախն ու Արցախահայութիւնը ազերական յարձակումներէն։ Ուղղակի ցաւալի է լսել Շահրամանեանի՝ Արցախի Հանրային հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցի ընթացքին կատարած խոստովանութիւնը, թէ միայն Սեպտեմբեր 19-ին, ազերական յարձակումին օրը գիտակցած է Ռուսերու անգործութեան. իր խօսքերով՝ «ժամեր անց, ես հասկացել եմ, որ մենք մենակ ենք այդ յարձակման դէմ, Ռուսները դիտորդի կարգավիճակում էին»։ 

Շահրամանեան Սեպտեմբեր 20-ին ընդունեց պարտութիւնը եւ պատերազմը դադրեցուց անտեղի յաւելալ զոհեր չտալու համար։ Նոյն դիպաշարը, նոյն բառապաշարը, որ 2020 նոյեմբեր 9-ի երեկոյեան Հայաստանի վարչապետը գործածած էր, պատերազմը դադրեցնելու միտումով, որուն համար «դաւաճան» որակուեցաւ։ Շահրամանեանի եւ անոր ընկերներու պարագային, բարեբախտաբար լռութիւն կը տիրէ։ Երկրորդ անգամ Ազերիներուն դիմաց պարտութիւն կրելու ամօթը, քաղաքական կարճատեսութիւնը եւ նախկին նախագահներուն կալանաւորման պատճառած նուաստացումը բաւարար են։ 

Ժ.Չ. ■