Search
Close this search box.

ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ – Պայրամով. «Հայաստանի հետ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին, երբ Երեւան ընդունի Պաքուի պայմանները»

«Ինթերֆաքս Ազերպայճան»-ի համաձայն՝ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով Գերմանիոյ իր պաշտօնակից Անալենա Պերպոքի հետ հանդիպումէն ետք կայացած միատեղ մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, որ «Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջև յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը դանդաղած է՝ Հայաստանի ոչ-շինիչ եւ հակասական քայլերուն պատճառով»։

Ան աւելցուցած է. “Հայաստանի հետ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին, երբ Երեւան ընդունի Պաքուի պայմանները։ Խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերող մեր յաջորդ առաջարկները ղրկած ենք հայկական կողմին եւ այժմ կը սպասենք անոնց պատասխանին”։