Search
Close this search box.

Պաքու յայտարարած է, թէ «հասած է իր նպատակներուն», սակայն Երեւանէն տակաւին պահանջներ ունի

«Հայաստան տակաւին չէ յանձնած ազերպայճանական 8 գիւղերը»

Նոյեմբեր 8-ին Ստեփանակերտի եւ այլ քաղաքներու մէջ նախատեսուած զինուորական տողանցքին ընդառաջ՝ Պաքու յաղթական յայտարարութիւն մը հրապարակած է՝ պնդելով, թէ 2020-էն ի վեր հասած է իր նպատակներուն ու վերականգնած Ազերպայճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Միաժամանակ, պաշտօնական յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, թէ Պաքու Երեւանէն տակաւին ստանալիք ունի:

«Հայաստան մերժած է վերադարձնել ազերպայճանական 8 գիւղեր, որոնք ցարդ բռնագրաւուած կը մնան»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Ազերպայճանի նախագահի կայքին համաձայն՝ «ղարաբաղեան առաջին պատերազմէն յետոյ հայկական կողմը բռնագրաւած է Ղազախի շրջանի եօթը գիւղերը եւ մէկ գիւղ ալ՝ Նախիջեւանի Սադարակի շրջանին մէջ»։

Երեւանէն ալ բազմիցս հակադարձած են, յայտարարելով, թէ հայկական կողմն ալ 90-ականներէն ի վեր բռնագրաւուած տարածքներ ունի Ազերպայճանի մէջ։ 

Անցեալ ամիս Հանրայինին տուած հարցազրոյցին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած էր. «Մենք էլ մեր հերթին ասում ենք, որ մենք էլ 8 գիւղերի խնդիր ունենք, որովհետեւ նոյն Տաւուշի մարզում մենք ունենք Ադրբեջանի կողմից բռնագրաւուած տարածքներ Բերքաբեր, Այգեհովիտ, Վազաշէն, Պառաւաքար գիւղերում եւ այլ տարածքներում նոյնպէս»։