Search
Close this search box.

Ֆրանսական «Պասթիոն» զրահակառքերը հասած են Հայաստան

Ֆրանսա, իր խոստացած ռազմական օգնութեան շրջանակին մէջ, արդէն Հայաստանին մատակարարած է շարք մը «Պասթիոն» բազմունակ(polyvalent) զրահակառքեր։

Հայկական բանակին համար նախատեսուած զրահակառքերու այս առաջին խմբաքանակը Վրաստանի վրայով հասած է Հայաստան։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը մերժէ մեկնաբանել

NEWS.am Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր  Արամ Թորոսեանէն խնդրած է մեկնաբանել Ֆրանսայի կողմէ Հայաստան ռազմամթերքի առաքման մասին համացանցով տարածուած այս տեղեկութիւններն ու լուսանկարները։

“Հայաստանի եւ Ֆրանսայի՝ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ պաշտօնական հաղորդագրութիւններէն եւ յայտարարութիւններէն զատ՝ այս պահուն որեւէ լրացուցիչ տեղեկութիւն չենք կրնար յայտնել”,– ըսած է Թորոսեան։

Պաքու կը դատապարտէ առաքումը

Ազերպայճանական լրասփիւռներու համաձայն՝ Արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ քարտուղար Այխան Հաճիզատէ դատապարտած է Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին «Պասթիոն» յարձակողական զրահակառքերու առաքումը։

Ան նշած է, թէ այդ զինամթերքը կը ծառայէ «տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի ռազմական ներուժի եւ ապակառուցողական գործողութիւններու ամրապնդման»։

“Հայաստան եւ Ֆրանսա պէտք է վերջ դնեն շրջանի սպառազինման եւ ռազմական քաղաքականութեան։ Անոնք նաեւ պէտք է հաշտուին այն փաստին հետ, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու համագործակցութիւնը այլընտրանք չունին”,– ըսած է Հաճիզատէ։

Ազերպայճան, որ Թուրքիայէն ու Իսրայէլէն պարբերաբար կը ստանայ ժամանակակից սպառազինութիւն ու զինամթերք եւ Արցախի Հայերը յարձակման ու ցեղային զտման ենթարկած է, բռնագրաւած ու հայաթափած է Արցախը, այժմ միջազգային հանրութեան կոչ կ՚ուղղէ «զերծ մնալու Հայաստանը զինելէ եւ կը դատապարտէ տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ բարգաւաճման հաստատման խոչընդոտող գործողութիւնները»…։

Ֆրանսական մամուլի՝ մտքերը պղտորող լրատւութիւնը

Ֆրանսական «Ուեսթ-Ֆրանս» օրաթերթը այս զրահակառքերու Հայաստան առաքման լուրը հաղորդելով՝ կ՚աւելցնէ, թէ անոնք սկիզբը նախատեսուած էին Ուքրաինայի համար, բայց Քիեւ մերժած է, զանոնք գնահատելով խոցելի։ Ֆրանսական թերթը այս մասին կը գրէ.

«Առաջին առաքումը,– որ հաստատուեցաւ,– կը վերաբերի Arquus-ի արտադրած “Պասթիոն” տիպի թեթեւ զրահակառքերուն։ “Պասթիոն”-ը կրնայ փոխադրել ութ զինուոր՝ ապահովելով պաշտպանութիւն թեթեւ զէնքերէ եւ ականներէ։

12,5 թոն կշռող այս զրահակառքերը սկիզբը նախատեսուած էին Ուքրաինայի համար, սակայն Քիեւ գնահատեց, որ անոնք խոցելի են ընդդէմ հրետանային կրակի եւ հակահրասայլային հրթիռներու»։