Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան դիմած է խորհրդարան, որ մէկ տարի երկարաձգէ Ազերպայճանի մէջ թրքական բանակի առաքելութիւնը՝ ռուս-թրքական միացեալ դիտարկման կեդրոնի կազմին մէջ:
Ըստ թրքական հեռատեսիլին՝ զինուոր ղրկելու լիազօրագրին երեսփոխաններու կողմէ հաստատուելու պարագային՝ Ազերպայճանի մէջ թրքական բանակի ներկայութիւնը մէկ տարի պիտի երկարաձգուի 2023 Նոյեմբեր 17-էն:
Էրտողանի դիմումին մէջ ըսուած է, որ միասնական կեդրոնը, ուր կը ծառայեն թրքական բանակի ներկայացուցիչները, «յաջողութեամբ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը, եւ Թուրքիա իր ներդրումը կ՚ունենայ տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կողմերու միջեւ վստահութեան ամրապնդման գործին մէջ»։
Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարներուն ստորագրած յուշագրին համաձայն՝ Արցախի հակամարտութեան գօտիին մէջ «հրադադարի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու դիտարկման նպատակով» ռուս-թրքական միացեալ կեդրոնը տեղակայուած է 2021 Յունուար 30-ին, Ազերպայճանի մէջ։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։