Search
Close this search box.

Փաշինեան՝ Պաշտպանութեան ոլորտի ծախսերու յաւելման մասին. «Սա պատերազմի նախապատրաստութիւն չէ, այլ՝ խաղաղութեան»

Նոյեմբեր 16-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի նիստին ներկայացնելով 2024-ի «Պետական ամավարկի մասին» օրէնքի նախագիծը, յայտարարած է, թէ 2018-ի բաղդատմամբ 2024-ի ամավարկով պաշտպանութեան բնագաւառի ծախսերը կրկնապատիկէն աւելի են։

“Սա պատերազմի նախապատրաստութիւն չէ, այլ՝ խաղաղութեան, որովհետեւ քաղաքացիներու՝ պաշտպանուած ըլլալու զգացողութիւնը՝ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամէնէն կարեւոր երաշխիքն է։ Վստահ եմ, որ մեր դրացի երկիրները կը համոզուին, որ մենք ոեւէ մէկուն վրայ յարձակելու որեւէ մտադրութիւն չունինք”,– ըսած է ան։

Այդ առումով վարչապետը Հայաստանի զինուած ուժերու բարեփոխումներու եւ սպառազինութեան շուրջ արտայայտութիւնները անկեղծ չի համարեր, երկու պատճառով.

“Նախ՝ իւրաքանչիւր ինքնիշխան պետութեան ոչ միայն իրաւունքը, այլեւ պարտականութիւնն է բարեփոխել, ամրացնել բանակը, ինչ որ կ՚ընենք մենք։ Եւ երկրորդը՝ վերջին տասը տարիներուն Ազերպայճանի պաշտպանական ծախսերը միջին հաշուով Հայաստանէն երեք անգամ աւելի եղած են, եւ ըստ էութեան, կը շարունակեն այդպէս ալ մնալ”,– եզրափակած է Փաշինեան։ ■