ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ ազերպայճանական պատուիրակութեան ղեկավար Ազայ Կիւլիեւ երկրին պաշտօնական APA գործակալութեան յայտնած է, որ Ազերպայճան պիտի չմասնակցի ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանին, որը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, աւելցնելով, որ այս որոշումը տեղեկացնող նամակ մը ղրկած են ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ ներկայացուած պատուիրակություններուն եւ Կազմակերպութեան միջազգային քարտուղարութեան։
Նամակին մէջ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի ազերպայճանական պատուիրակութիւնը յստակօրէն կը նշէ, որ «Ազերպայճանի շահերուն հակասող որեւէ որոշում կամ յանձնարարական, որ պիտի ընդունուի աշնանային նստաշրջանի ընթացքին,– որուն ինք չի մասնակցիր,– անվաւեր պիտի հռչակուի»։
«ՆՅ» – Էվրեքա՜՜՜։ Ազերպայճան կարծէք այսպէսով գտած է իր տեսանկիւնէն անցանկալի որեւէ որոշումէ խուսափելու լուծումը։ Այժմ բաւական է չմասնակցիլ այս կամ այն ժողովին, որ կրնայ յանգեցնել իր դէմ որեւէ վճիռի: Այսքան պարզ է։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։