Search
Close this search box.

Պաքու «Զանգեզուրի միջանցք»-ին անցակէտեր ստեղծելու մտադրութիւն ունի

 

Նոյեմբեր 20-ին, Ազերպայճանի պետական մաքսային ծառայութեան ղեկավար Շահին Պաղիրով յայտարարած է՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին անցակէտերու ստեղծման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու մասին։

“Ազերպայճանի կառավարութիւնը կ՚աշխատի «Զանգեզուրի միջանցք»-ը շահագործման յանձնելու ուղղութեամբ։ Նախագահ Ալիեւի որոշումով պետական մաքսային ծառայութիւնը եւս կը մասնակցի այդ աշխատանքներուն”,– ըսած է ազերպայճանցի պաշտօնատարը։