Նոյեմբեր 22-ին, Միացեալ Թագաւորութեան Եւրոպայի հարցերու պետական նախարար Լիօ Տոքերթիի հետ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին, նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, թէ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան համար այլեւս որեւէ խոչընդոտ չկայ։
Ըստ ազերպայճանական լրասփիւռներու՝ Ալիեւ ընդգծած է, որ Պաքու կ՚աջակցի տարածաշրջանային խաղաղութեան օրակարգին, պատրաստ է Հայաստանի հետ երկխօսութեան՝ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու եւ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար։
Միւս կողմէ, haqqin.az-ի համաձայն՝ Տոքերթի յայտնած է, թէ Ազերպայճան Եւրոպայի համար ոչ միայն ուժանիւթի կարեւոր մատակարար է, այլ նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ կարեւոր ու պատասխանատու երկիր մը, եւ առանց Ազերպայճանի՝ Եւրոպայի մէջ խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն չէր ըլլար։
Բրիտանացի դիւանագէտը աւելցուցած է, թէ տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման գործին մէջ որեւէ ներդրում դրական կը գնահատէ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգելով Պաքուի նախորդ օրուան յայտարարութեան, թէ պատրաստ է Երեւանի հետ ուղղակի բանակցելու, նշած է հետեւեալը.
«Հակառակ բոլոր բարդութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն Երեւան կը յայտարարէ, թէ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան հաստատման իրական կարելիութիւն կայ, որ կրնայ իրականացուիլ երկուստեք քաղաքական կամքի դրսեւորման պարագային, իսկ հայկական կողմը ունի՛ այդ կամքը»։
Ըստ Հայաստանի Արտաքին գործոց Նախարարութեան՝ այդ կամքի արտայայտութիւններէն է նաեւ այն, որ Հայաստան Ազերպայճանին առաջարկած է սահմանազատման յանձնաժողովներու նիստ գումարել երկու երկիրներու միջեւ պետական սահմանին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։