Search
Close this search box.

ԿԻՊՐՈՍ – Հիւսիսային Կիպրոսի հայապատկան կալուածին մէջ Թուրքերը կը բանան «կրթական-գիտական» հաստատութիւն մը

Ազգային երեք կուսակցութիւններու հաղորդագրութիւնը

Կիպրոսի հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները խստօրէն կը դատապարտեն Թուրքերու գրաւած հիւսիսային Կիպրոսի տարածքին մէջ գտնուող հայկական Մելիքեան-Ուզունեան վարժարանի եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ 2023 Նոյեմբեր 7-ին տեղի ունեցած միջոցառումը, որ կը միտի Հայոց պատկանող կալուածին վրայ թրքական «կրթական-գիտական» հաստատութիւն մը հիմնել: Այս «կրթական-գիտական» հաստատութիւնը կը գանձատրուի թրքական անօդաչու սարքեր արտադրող «Baykar» ընկերութեան կողմէ, որուն արտադրանքը իր չարաբաստիկ մասնակցութիւնը ունեցաւ 2020-ին Արցախի դէմ մղուած պատերազմին:

Բռնագրաւուած հայկական կալուածին տնօրինումի այս փոփոխութիւնը գրգռութիւն մըն է Կիպրահայութեան եւ առհասարակ ամբողջ Հայութեան դէմ եւ կ’ապացուցէ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացող Թուրքիան կը շարունակէ իր ոտնձգութիւնները Հայութեան եւ հայկական կալուածներու հանդէպ:

ՌԱԿ Կիպրոսի Շրջանային Վարչութիւն

ՍԴՀԿ Կիպրոսի Շրջանի Վարիչ Մարմին

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէ

22 Նոյեմբեր 2023

***

Ստորեւ, Նիկոսիոյ հայ համայնքի անդամներէն Սիմոն Այնէճեանի քանի մը օր առաջ այս հարցին մասին գրի առած տողերը.

Հայոց վարժարանը եւ եկեղեցւոյ համալիրը թրքական կրկնակ գրաւումի տակ

Թրքական գրաւումի տակ գտնուող հիւսիսային Կիպրոսը դուռը կը բանայ հիմնադրամի մը առջեւ, որուն նախագահը Սելչուք Պայրաքթարն է, Էրտողանի փեսան:

Կիպրոսի հիւսիսը գրաւող թուրք ուժին պարագլուխները Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7-ին Հայոց Մելիքեան-Ուզունեան Վարժարանին եւ Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ՝ բացումը կատարած են թրքական «կրթական-գիտական» հաստատութեան մը:

Տասնեակ տարիներ առաջ USAID-ի եւ UNDP-ի բազմամիլիոն նպաստով կատարուած նորոգութեամբ վերականգնուած էր հայկական գաղութին երբեմնի կալուածը՝ ներառեալ մանկապարտէզը, նախակրթարանը, եկեղեցին եւ առաջնորդարանը: Այս նոր գրաւումը կը կատարուի ձեռամբ հիմնադրամի մը, որուն նախագահն է Սելչուք Պայրաքթար, որ ծանօթ դարձած է իբրեւ արտադրողը «Պայրաքթար» անօդաչու սարքերուն, որոնք վճռական դեր կատարած են Արցախի 44-օրեայ պատերազմին մէջ:

Կրնանք հարցնել թէ ինչո՛ւ ճիշդ Հայոց կալուածը ընտրուած է տարփողելու Պայրաքթարի հիմնադրամի «գիտական եւ կրթական նպատակները» եւ սատարելու անոնց: Կալուածի վերանորոգման սկզբնական նպատակն էր զայն դարձնել հաշտութեան, փոխադարձ վստահութեան վերականգնումի եւ բնականոն համակեցութեան խորհրդանիշ մը: Այդ իսկ պատճառաւ վերջերս կատարուածը վրդովումի ու ընդվզումի պատճառ կը հանդիսանայ:

Կիպրական թուրք որոշ լրասփիւռներ միջադէպին անդրադառնալով՝ դատապարտած են այս քայլը իրենց խմբագրականներուն մէջ, անոնցմէ մէկ քանին նոյնիսկ չէ վարանած զայն գողութիւն որակելու: Մաս մըն ալ իր զարմանքը յայտնած է, որ միջադէպը որեւէ հակադարձութեան կամ դատապարտումի չէ արժանացած:

Թուրքիոյ գրաւումին տակ գտնուող հիւսիսային Նիկոսիոյ Հայոց կալուածը Կիպրահայութեան համար հոգեւոր գանձ մըն է: Կիպրահայերուն զգալի մէկ մասը Ցեղասպանութենէն վերապրածներու շառաւիղներ են:

Երեքշաբթի օրուան հանդիսութեան ներկայ եղած է Թուրք Կիպրացի «նախագահ» Էրսին Թաթար, վերջինիս «նախարարները», գրաւեալ Կիպրոսի Թուրքիոյ «դեսպան» Մեթին Ֆէյզիօղլու, Սէլչուք Պայրաքթար անձամբ, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ:

Թուրքիոյ Երիտասարտութեան եւ մարզանքի նախարար Օսման Աշգըն Պաք կարդացած է նախագահ Էրտողանի մաղթանքը:

Մտահոգիչ այս անկիւնադարձը ի չիք կը դարձնէ UNDP-ACT-ին USAID-ին նպաստով 2009-2012-ի նորոգութեամբ ուրուագծուած նպատակը՝ հասնիլ հաշտութեան եւ փոխադարձ վստահութեան: Յիշեցնենք որ Հայոց համալիրի նորոգութիւնը արժանացած է Europa Nostra 2015-ի տարեկան մրցանակին: