Նոյեմբեր 26-ին Թիֆլիսի մէջ բացումը կատարուած է շարժանկարի միջազգային 24-րդ փառատօնին, որուն պաշտօնապէս հրաւիրուած է նաեւ Հայաստանի ազգային շարժարուեստի կեդրոնը:
Մէկ շաբաթ տեւողութեամբ փառատօնին կը ցուցադրուին միջազգային եւ վրացական սինեմայի վերջին տարիներու լաւագոյն ֆիլմերը։ Հայաստանի մասնակցութիւնը այս տարի բացառիկ է իր տարողութեամբ, նկատի ունենալով հայկական շարժարուեստի 100-ամեակը։ Կը ներկայացուին հայկական դասական եւ ժամանակակից 11 ժապաւէններ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։