Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Հայաստանին ռազմական օժանդակութիւնը՝ Ծերակոյտին մէջ ամավարկի քննարկումներուն

«Պասթիոն» զրահակառքը

Ֆրանսայի Ծերակոյտը այս օրերուն կը քննարկէ երկրին ամավարկը. պաշտպանութեան բաժնին մէջ նշուած է, թէ ֆրանսական Arquus ընկերութեան արտադրած Bastion տիպի 24 զրահակառք ներկայիս կ՚առաքուին Հայաստան, 26-ն ալ յետոյ, քանի անոնք արտադրութեան փուլին կը գտնուին։

GM 200 ռատիօտեղորոշիչ

Փաստաթուղթին մէջ նաեւ գրուած է, որ Հայաստան վերջերս GM 200 ռատիօտեղորոշիչ  (հրթիռներ եւ տարբեր տեսակի սպառնալիքներ ահազանգող) կայաններ ձեռք ձգելու պատուէր ստորագրած է, բանակցութիւններ կ՚ընթանան նաեւ MISTRAL 3 հրթիռային համակարգերու մատակարարման շուրջ։

MISTRAL 3 հրթիռային համակարգ

CAESAR հրետանային համակարգ

«Ֆրանսա նախաձեռնած է Հայաստանին պաշտպանական զինատեսակներու մատակարարման։ Մենք պէտք է արագ արձագանգենք Հայաստանի իշխանութիւններու բոլոր խնդրանքներուն, յատկապէս ինչ կը վերաբերի հրետանիի անհրաժեշտութեան»,– նշած են զեկուցողները, նաեւ թելադրելով «կարելիին չափ արագ ուսումնասիրել CAESAR հրետանային համակարգերու մատակարարումը՝ նկատի ունենալով անոնց արդիւնաւէտ բնոյթը»։