Search
Close this search box.

2023 Յունուարէն Նոյեմբեր 2,2 միլիոն զբօսաշրջիկ այցելած է Հայաստան

Հայաստանի Զբօսաշրջութեան կոմիտէի տուեալներով՝ 2023 Նոյեմբերին դէպի Հայաստան զբօսաշրջային այցելութիւններու թիւը աճ արձանագրած է:

«2023 Նոյեմբերին՝ 150 հազար զբօսաշրջիկ. սա  լաւագոյն վիճակագրական տուեալն է նախորդ տարիներու բաղդատմամբ (2022-ին 145 հազար, 2019-ին` 140 հազար):

2023 Յունուարէն Նոյեմբեր մենք ունեցանք 2,2 միլիոն զբօսաշրջային այցելութիւն, ինչ որ կը նշանակէ 42% աճ 2022 թուականի բաղդատմամբ»,– նշուած է Կոմիտէի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: