Դեկտեմբեր 7-ին, Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները Մոնրէալի մէջ ներկայ գտնուած են Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի տարեկան ընդունելութեան, ուր առիթը ունեցած են նախարարուհիին հետ քննարկելու գանատահայ համայնքը յուզող շարք մը հարցեր, միաժամանակ արծարծելով Արցախի ու Արցախահայութեան այժմու կացութիւնը եւ Երեւանի գանատական դեսպանատան հիմնադրումէն ետք Գանատա-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։