Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Ծերակոյտը ներկայացուցած է Ազերպայճանի դատապարտումը եւ Արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի երաշխաւորումը պահանջող միջկուսակցական բանաձեւի առաջարկ մը

Ֆրանսայի Ծերակոյտը 2023 Դեկտեմբեր 1 թուակիր անդրկուսակցական բանաձեւի առաջարկով մը կը պահանջէ Ազերպայճանի դատապարտումը եւ Արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի երաշխաւորումը։ 

Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը այս մասին հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեամբ կ՚ըսէ, թէ Ծերակոյտը այսպէսով յստակ պատասխան կու տայ Սեպտեմբեր 19-ին Արցախի դէմ Ազերպայճանի յարձակումին, որ յանգեցուց անոր բոլոր բնակիչներու փախուստին։

Դեկտեմբեր 1-ին Ծերակոյտի քաղաքական խումբերու նախագահներ Պրիւնօ Ռըթայօ (Հանրապետականներ), Մարիզ Գարեր (Եւրոպական ժողովրդավար եւ ընկերային համախմբում), Սեսիլ Քիւքիերման (Համայնավար հանրապետական քաղաքացի եւ բնապահ – Քանաքի), Կիյոմ Կոնթար (Զօրակցութիւն եւ տարածաշրջաններ), Փաթրիք Քաներ (ընկերվարական, բնապահ եւ հանրապետական), Հերվէ Մարսէյլ (Կեդրոնամէտ միութիւն), Գլօտ Մալհիւրէ (Անկախներ – Հանրապետութիւն եւ տարածաշրջաններ), Ֆրանսուա Փաթրիա (Ժողովրդավարներու, յառաջապահներու եւ անկախներու համախմբում), ինչպէս նաեւ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ժիլպէր-Լիւք Տըւինազ ներկայացուցած են Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը ոտնահարող յարձակումը դատապարտող եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն նկատմամբ անսակարկ զօրակցութիւնը հաստատող բանաձեւի առաջարկ։ Առաջարկուող բանաձեւը կը շեշտադրէ յատկապէս երեք կէտ.

• Ազերպայճանը պատասխանատւութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը միջազգային իրաւունքին հակասող իր գործողութիւններուն համար.

• Միջազգային պատիժներու դիմելու կոչը.

• Արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի ամուր երաշխիքներու պահանջը։

«Կարեւոր է չմոռանալ այս ողբերգութիւնը։ Այս իրադարձութիւնները անտեսելը պիտի նշանակէր ընդունիլ, որ շրջափակումը, զինեալ յարձակումը, ցեղային զտումը եւ բռնագրաւումը հակամարտութիւններու կարգաւորման օրինական միջոցներ են: Միջազգային իրաւունքի այս խախտումին դէմ առճակատելու համար մենք պէտք է շարունակենք դատապարտել այդ պատերազմական յանցագործութիւնները եւ պահանջել՝ յարգել օրէնքը»,– յայտարարած է Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան՝ Ծերակոյտի այս նախաձեռնութիւնը ջերմօրէն ողջունելէ ետք: