Search
Close this search box.

Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցի բերուած է Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետի մասունքակիր  խաչը

Դեկտեմբեր 16-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ, հոգեւորականաց թափօրը շարականներու երգեցողութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցի բերած է Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի մասունքակիր խաչը` հաւատացեալներու հոգեւոր մխիթարութեան եւ երկրպագութեան համար։

Եկեղեցւոյ մէջ Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ կատարուած է օրհնութեան կարգ, որու աւարտին Կաթողիկոսը սրբազան մասունքով օրհնած է ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Երանաշնորհ հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին առիթով մասունքարանը Մայր Աթոռին ընծայաբերուած է Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ կողմէ։