Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30-ին եւ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1-ին, Հռոմի Արեւելագիտութեան քահանայապետական հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ «Շնորհքներու լիութիւն, մարդասիրութեան լիութիւն. Ս. Ներսէս Շնորհալին հազարամեակներու խաչմերուկին» միջազգային գիտաժողովը: Ան կազմակերպուած էր Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-ամեակի ոգեկոչման ծիրէն ներս: Նշենք, որ նախատեսուած այլ ձեռնարկներ` Հռոմի եւ Վատիկանի տաճարին մէջ, յետաձգուեցան անորոշ ժամանակով, Արցախեան ողբերգական վերջին զարգացումներուն հետեւանքով:
Գիտաժողովի նիստերուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի ծաւալած բազմաբնոյթ գործունէութիւնը, արժեւորելով անոր բանաստեղծական, երաժշտական, մեկնողական եւ սրբախօսական ստեղծագործութիւնները, հովուական առաքելութիւնը եւ ջանքերը ի նպաստ քրիստոնէական միասնութեան: Բանախօսները փորձեցին վեր հանել Շնորհալիի աստուածաբանական մտքի խորութիւնն ու տիեզերական
հայեացքներու ընդարձակութիւնը եւ անոր միանգամայն եզակի, բացառիկ դիրքը քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ:
Այս նիւթերուն շուրջ ելոյթներով հանդէս եկան յայտնի փորձագէտներ` կարդինալ Գլաուտիօ Կուճերոթթի, Պօղոս Լեւոն արք. Զէքիեան, Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Դանիէլ եպիսկ. Ֆնտգեան, Վահան Տէր-Ղեւոնդեան, Մարքօ Պայս, Ազատ Պոզոյեան, Վալենթինա Քալցոլարի, Պենետէթթա Գոնտի, Փիթըր Քաուի, Ռոպերթա Էրուին, Ռիքարտօ Փանէ, Սերճօ Լա Փորթա, Հայկ Ււթիւճեան, Արմենուհի Թրոսթ-Աբգարեան, Զարուհի Պօղոսեան, Արմինէ Մելքոնեան, Ճեսի Առլէն, Էտա Վարդանեան, Էռնա Շիրինեան եւ Աբրահամ Տէրեան:
Դանիէլ եպիսկ. Ֆնտգեան հաղորդեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութիւնը, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութիւնը բերաւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, որ նաեւ կարդաց Անուշաւան արք. Դանիէլեանի զեկոյցը:
Գիտաժողովը կազմակերպած էին Պօղոս Լեւոն արք. Զէքիեան, փրոֆեսէօրներ` Մարքօ Պայս, Ժելքօ Փաշա, Զարուհի Պօղոսեան, Աբրահամ Տէրեան, Խաժակ արք. Պարսամեանի կարեւոր աջակցութեամբ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան նիւթական օգնութեամբ: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։