Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան Դեկտեմբեր 19-ին այցելած է «Աջակցութիւն Արցախահայութեան» հասարակական կազմակերպութեան գրասենեակ, ծանօթացած վերջինիս գործունէութեան: Լուրը կը հաղորդէ Արցախի Տեղեկատուական կեդրոնը։
Ընթացող աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւն հաղորդած է Կազմակերպութեան նախագահ Սեւակ Գրիգորեան՝ նշելով, թէ քայլերու կը ձեռնարկեն նիւթական աղբիւրներու ներգրաւման ուղղութեամբ, որպէսզի աջակցութիւն ցուցաբերեն վերջին ռազմական գործողութիւններու ընթացքին զոհուածներու, այնուհետեւ պենզինի պահեստի պայթումին հետեւանքով մահացածներու, ինչպէս նաեւ ընկերային ծանր կացութեան մէջ գտնուող այլ կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Նախագահ Շահրամանեան ընդգծած է բռնի տեղահանուած ու ծանր իրավիճակի մէջ յայտնուած ընտանիքները մնայուն ուշադրութեան կեդրոնը պահելու անհրաժեշտութիւնը եւ ողջունած նախաձեռնութեան միացած անհատներն ու կազմակերպութիւնները:
Հանդիպման աւարտին, նախագահը պատասխանած է Կազմակերպութեան անդամներու հարցումերուն, ունկնդրած անոնց առաջարկները, համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնելով:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։