Արցախի Հանրապետութեան նախկին Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան թելեկրամեան իր էջին գրած է, թէ բոլոր անոնք որոնք Հայաստանի մէջ կը գործեն Արցախի էջը փակելու ուղղութեամբ՝ Ազերպայճանի հետ բախումներէն խուսափելու պատճառաբանութեամբ, թող ուշադիր հետեւին ալիեւեան ցեղասպանական ու բռնապետական վարչակազմի գործողութիւններուն։
«Հակառակ Ալիեւի բանաւոր խոստումներուն՝ ճանչնալու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ազերպայճանական նկրտումները Հայաստանի նկատմամբ հետզհետէ աւելի պաշտօնական բնոյթ կը ստանան։ Ազերպայճանի խորհրդարանի ընդունած փաստաթուղթը Հայաստանի մասին, որ լեցուն է պատմական եւ իրաւաքաղաքական կեղծ եզրերով ու պնդումներով, յաջորդական յարձակողական արարք է Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի նկատմամբ: Քանի տակաւին Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները չեն վերականգնուած իրենց հայրենիքին մէջ, իսկ Ազերպայճանի տարածքին ալ արմատախիլ չէ եղած հայատեաց ցեղապաշտական համակարգը, տարածաշրջանին մէջ չի կրնար խաղաղութիւն հաստատուիլ: Հակամարտութեան մէկ կողմի զիջումնային խաղաղասիրութիւնը՝ միւս կողմի շարունակական թշնամանքի պայմաններու տակ, պիտի յանգեցնէ նորանոր ողբերգութիւններու»,– գրած է Բեգլարեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։