Search
Close this search box.

Մառանապետերը կը նշեն եօթը գինեգործական շրջաններ, որոնց պէտք է հետեւիլ 2024-ին․ անոնց մէջ է նաեւ Հայաստանը

Ըստ հեղինակաւոր մառանապետերու՝ 2024-ին շարք մը գինեգործական շրջաններ կը գտնուին իրենց ուշադրութեան կեդրոնը։ Անոնց մէջ է նաեւ Հայաստանը։

«Թէեւ Հայաստանի մէջ կը գտնուի աշխարհի ամէնէն հին գինեգործատունը, սակայն երկրի արդիւնաբերութիւնը անկում ապրած է խորհրդային իշխանութեան օրօք: 

Վերջին երկու տասնամեակներուն արտադրողներու ալիքը վերականգնած է տարածաշրջանի գինիի մշակոյթը: Ակնկալելի է, որ հայկական գինիի հիանալի շիշերը սկսին մուտք գործել գինիներու ճաշացանկերու մէջ՝ ներկայացնելով խաղողի տեղական տեսակները, ինչպէս՝ Ոսկեհատը, Սեւ Արենին, Վայոց ձորի Զուլալ այգիի Թոզոթը,– ի դէպ, Վայոց ձորը մաս կը կազմէ գինեգործութեան՝ ծանօթ ամէնէն հին շրջաններուն,– եւ Կանգուն սպիտակ գինին, որ առաւեդլաբար կ՚արտադրուի Արգածոտնի, Արմաւիրի շրջաններուն եւ Արարատեան դաշտին մէջ»,– կը նշէ Հայաստանին յատկացուած բաժինը: