Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ Յունուար 8-ին նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է ԱՄՆ-ու Կովկասեան բանակցութեանց հարցերու աւագ խորհրդական, Մինսքի խումբի համանախագահ Լուիս Պոնօն:
Կողմերը քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր, անդրադառնալով նաեւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։