Search
Close this search box.

Փաշինեան. «Վերջին օրերուն Պաքուէն հնչող յայտարարութիւնները կը համարեմ լուրջ հարուած մը խաղաղութեան գործընթացին»

Յունուար 13-ին, Գաւառի մէջ ընթացող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախաձեռնող խումբի նիստին վարչապետ Փաշինեան յայտարարած է, թէ վերջին օրերուն Պաքուէն հնչող յայտարարութիւնները կը համարէ լուրջ հարուած մը խաղաղութեան գործընթացին։

Վերահաստատելով, որ սահմանազատումը պէտք է հիմնուած ըլլայ 1991 Դեկտեմբերին Ալմա-Աթիի հռչակագրին վրայ եւ այդ պայմանները Պաքու եւ Երեւան արձանագրած են եռակողմ հանդիպումներուն՝ վարչապետը նշած է, թէ Պաքուի յայտարարութիւնները ուղղակի կը հակասեն այդ տրամաբանութեան ու համաձայնութեան, շեշտելով թէ՝ երկու երկիրներու սահմանազատման հոլովոյթը չի վերաբերիր նոր սահման ստեղծելու, այլ՝  ամրագրելու արդէն գոյութիւն ունեցող սահմանները։ “Ի հեճուկս այդ համաձայնութիւններին՝ Ադրբեջանը փորձում է տարածքային պահանջներ առաջ մղել Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ, որը բացարձակապէս անընդունելի է”,– ըսած է վարչապետը։

Անդրադառնալով Ազերպայճանի նախագահի «Զանգեզուրի միջանցք»-ին առնչուող յայտարարութիւններուն, թէ՝ «Հայաստան պէտք է անարգել ճամբայ բանայ Ազերպայճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ», Փաշինեան յայտնած է, թէ այդ ալ կրկին նկրտում մըն է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ։

Ինչ կը վերաբերի Պաքուի այն յայտարարութեան, թէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին ծրագիրը պիտի իրականացնէ Իրանի հետ, Հայաստանի վարչապետը ընդգծած է. “Ինչ պայմանով Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը տրամադրում է կապ Նախիջևանի և Ադրբեջանի միւս հատուածի միջև, նոյն պայմաններով մենք էլ ենք պատրաստ տրամադրել էդ կապը՝ թէ՛ երկաթուղային, թէ կառուղային”։

Ընդգծելով, որ Պաքու յաճախ կը վկայակոչէ Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագրով Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւնները՝ Փաշինեան ըսած է, որ ըստ էութեան այդ եռակողմ յայտարարութեան կողմերէն երկուքը՝ Ազերպայճանն ու Ռուսաստանը, համաձայնագրի ստորագրութեան պահէն մինչեւ 2023 Սեպտեմբեր ինկած ժամանակաշրջանը ապացուցած են, որ այդ փաստաթուղթը իրենց համար այլեւս գոյութիւն չունի։

“Այն գործողութիւնները, որոնք ձեռնարկուել են ԼՂ-ում Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Ադրբեջանի մասնակցութեամբ, դա վկայութիւնն է այն բանի, որ իրենց համար այդ փաստաթուղթը գոյութիւն չունի։ Ինչպէ՞ս կարող է այդպէս լինել, որ երկու կողմի համար այդ փաստաթուղթը այլեւս չկայ, իսկ երրորդ կողմի համար շարունակի գոյութիւն ունենալ”,– հաստատած է վարչապետը։

Տեղական հեռատեսիլի կայաններուն տուած հարցազրոյցին Ալիեւ արծարծած է նաեւ գիւղերու վերադարձի հարցը։

Անդրադառնալով նիւթին՝ Փաշինեան յայտարարած է. “Ադրբեջան բարձրացնում է 4 գիւղերի հարցը, Հայաստանն էլ բարձրացնում է 32 գիւղերի հարցը, որոնց կենսական նշանակութեան տարածքները բռնագրաւուած են նաեւ Գեղարքունիքի մարզին մէջ։

Երեւանը ասում է՝ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ գրաւուած տարածքներ պէտք է չլինեն, հետեւաբար այնտեղ, որտեղ պարզուի, որ Հայաստանն է ինչ-որ տարածքներ հսկողութեան տակ պահում, որը տէ եուրէ պատկանում է Ադրբեջանին, Հայաստանը պէտք է այդ տարածքներից դուրս գայ, իսկ այն տարածքները, որոնք տէ եուրէ պատկանում են Հայաստանին եւ Ադրբեջանն է պահում իր տիրապետութեան տակ, Ադրբեջանը պէտք է դուրս գայ”,– նշած է վարչապետը՝ շեշտելով, որ սա քաղաքական համաձայնութիւն է, բայց գործնականին մէջ անիրագործելի՝ առանց փոխադարձ համաձայնութեան արժանացած քարտէսի։