2024-ին կը լրանայ հայ մեծանուն գրող Պարոյր Սեւակի 100-ամեակը, այսինքն տարին լեցուն պիտի ըլլայ սեւակեան շունչով, ոգիով ու պատգամներով:
Սեւակի տուն-թանգարանէն կը տեղեկացնեն, որ բանաստեղծի ծննդեան օրը՝ Յունուար 24-ին, թանգարանին մէջ սկիզբ կ՚առնէ ձեռնարկներու շարքը, որ պիտի տեւէ ամբողջ տարին: Նոյն օրը` Համազգայինի «Սօս Սարգսեան» թատրոնին մէջ կը ներկայացուի «Մարդը ափի մէջ» թատերգութիւնը (բեմադիր՝ Նարինէ Գրիգորեան):
Մինչ այդ՝ Յունուար 17-ին, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ տեղի կ՚ունենայ Պ. Սեւակի «100 բանաստեղծութիւն» նոր գիրքին շնորհահանդէսը (կազմող՝ Արմէն Ղազարեան, խմբագիր՝ Սեւակ Ղազարեան):
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։