Դեկտեմբեր 28-ի մեր թիւով (1959 – Գ. էջ) գրած էինք, թէ Էվիան-լէ-Պենի քաղաքապետական խորհուրդը որոշած է քաղաքի՝ «Ազերպայճանական պարտէզ» կոչուող վայրէն ջնջել այդ երկրին առնչուող բոլոր յիշատակումները, նաեւ աստիճանաբար կատարել այդ սրբագրութիւնը քաղաքին վերաբերող բոլոր քարտէսներուն, փաստաթուղթերուն մէջ։
Այդ պարտէզին մէջ տեղադրուած է նաեւ ազերպայճանցի բանաստեղծուհի Խուրշիտպանու Նաթավանի արձանը, որու ճակատագիրը ցարդ կը մնար աւելի անորոշ, քաղաքապետարանի կարգ մը պատասխանատուներ քաղաքականութիւնն ու մշակոյթը տարանջատելու հիմքով՝ ընդդիմացած ըլլալով զայն տեղափոխելու գաղափարին։
Վերջերս այդ արձանը վանդալական արարքի մը ենթարկուած է, կոտրած են քիթը, կարմիր ներկ շպրտած երեսին։
Այս առիթով քաղաքապետարան դիմած են Ազերպայճանցիներ, բացատրութիւն պահանջելով։ Քաղաքապետարանի բանբերը՝ Քրիսթել Օքլեռ անոնց ըսած է.
«Այսօր ամէնուր կը շրջին տեղեկութիւններ, որոնք չեն համապատասխաներ իրականութեան։ Լսեցինք, որ Խուրշիտպանու Նաթավանի արձանը վանդալական արարքի մը ենթարկուած է։ Կոտրած են արձանի քիթը, վրան կարմիր հեղուկ մը շպրտած։ Հետեւաբար, քաղաքային ծառայութիւնները ծածկեցին արձանը պաշտպանելու համար։ Սա մեր քաղաքի դիրքորոշումն է։ Մենք երբեք մտադրութիւն չենք ունեցած զայն տեղափոխելու կամ անկէ ձերբազատելու։ Երբեք խնդրոյ առարկայ չէ եղած արձանը իր ներկայի տեղէն շարժել»։
Հոս միջանկեալ նշենք նաեւ որ վանդալական այս արարքը առիթ ընձեռած է Ազերպայճանի սպասարկող ֆրանսացի շարք մը խորհրդարանականներու՝ դէպքը դատապարտելէ անդին դահիճը որպէս զոհ ցոյց տալու, Արցախի հարցով՝ խեղաթիւրուած, «աժան» մեկնաբանութիւններով ազերպայճանական քարոզչութիւն ծաւալելու։
Իսկ վանդալական արարքին դէմ՝ շուրջ երկու տասնեակ Ազերպայճանցիներ (ըստ ազերպայճանական մամուլին՝ Ազերպայճանցիներ եւ Թուրքեր) Յունուար 13-ին արձանին առջեւ բողոքի ցոյց մը կազմակերպած են։
Ցոյցին մասնակիցները կոչ ըրած են պաշտպանելու Նաթավանի ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ վերականգնելու «Ազերպայճանական պարտէզ» յիշատակումը։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։