Search
Close this search box.

ԵԽ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ. «Ազերպայճանի ղեկավարութեան վերջին յայտարարութիւնները կրնան լրջօրէն խաթարել խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթը»

Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան Դիմագիրքի էջէն կը տեղեկանանք, թէ  Յունուար 17-ին տեղի ունեցած է Եւրոպայի խորհուրդի (ԵԽ) նախարարներու յանձնաժողովի հանդիպումը։ 

Քաղաքական հարցերու քննարկումին, ԵԽ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Արման Խաչատրեան Նախարարներու յանձնաժողովին ներկայացուցած է Ազերպայճանի ղեկավարութեան վերջին յայտարարութիւնները՝ ընդգծելով, որ անոնք կրնան լրջօրէն խաթարել խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթը։

Ան նշած է, որ Ազերպայճանի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, գոյացած համաձայնութիւններէն հրաժարիլը եւ Հայաստանի նկատմամբ նոր պահանջներու առաջադրումը չեն նպաստեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման։ Դեսպանը կոչ ըրած է Նախարարներու յանձնաժողովին՝ ըլլալու հետեւողական եւ ձեռնարկելու յստակ քայլերու՝ Ազերպայճանը զսպելու համար։

Իր ելոյթին Խաչատրեան անդրադարձած է նաեւ ԵԽ-ի Մարդկային իրաւանց յանձնակատար Տունիա Միաթովիչի՝ Հայաստան, Ազերպայճան եւ Արցախ կատարած այցելութեան աւարտին հրապարակած զեկոյցին։ Այս առիթով դեսպանը ընդգծած է, թէ Միաթովիչի արձանագրումները յստակօրէն կը բացայայտեն Բերձորի միջանցքի փակման եւ Արցախահայութեան բռնի տեղահանման հանգամանքներուն վերաբերող Պաքուի անհիմն պնդումները։

Ան իր ելոյթը եզրափակած է՝ վերահաստատելով Հայաստանի յանձնառութիւնը նախապէս համաձայնութեան արժանացած սկզբունքներու հիման վրայ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին։