Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը սկսած է «իԳործ» 2024 ծրագրին դիմումներու ընդունումը։
Սոյն ծրագիրը սփիւռքահայ մասնագէտներուն կարելիութիւն կ՚ընձեռէ մէկ տարի պայմանաժամով աշխատելու Հայաստանի պետական կառավարման 20-էն աւելի մարմիններուն մէջ: Դիմում կրնան ներկայացնել անոնք, որոնք Պաքալօրէա ունին եւ նուազագոյնը հինգ տարուան աշխատանքային փորձառութիւն, եւ կամ՝ մագիստրոսի (կամ համարժէք կամ աւելի բարձր) աստիճան եւ 3 տարուան մասնագիտական աշխատանքի փորձառութիւն։
2024-ի դիմումները կ՚ընդունուին մինչև Մարտ 4՝ հայերէնով, անգլերէնով եւ ռուսերէնով: Հարցազրոյցներու վերջնական փուլը յաջողութեամբ անցած մասնագէտները յառաջիկայ Սեպտեմբեր 1-էն աշխատանքի կ՚անցնին Հայաստանի համապատասխան գերատեսչութիւններուն մէջ:
Ընտրուած մասնակիցներուն կը տրամադրուի օդանաւի տոմս (դէպի Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ), կեցութեան նպաստ՝ ամսական 336.000 դրամ ծրագրի ընթացքին, առողջութեան ապահովագրութիւն եւ մէկ տարուան կեցութեան կարգավիճակի գումարը:
Հ. Յովնանյան ընտանեկան հիմնադրամի գանձատրումով՝ 5 մասնագէտներու հնարաւորութիւն կը տրուի ծրագրին շրջանակին մէջ աշխատելու Շիրակի մարզը:
Մասնագէտները կրնան ամբողջացնել դիմումը Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի կայքին վրայ զետեղուած հետեւեալ յղումով՝
http://diaspora.gov.am/hy/programs/25/fellowship
5-րդ անգամ իրականացուող «իԳործ» ծրագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջինն է, որու ծիրէն ներս սփիւռքահայ մասնագէտները պետական մակարդակով կը հրաւիրուին աշխատանքի՝ կառավարութեան եւ այլ գերատեսչութիւններու մէջ:
Ցարդ սփյուռքահայ 200 մասնագէտ աշխատած է Հայաստանի պետական մարմիններու մէջ: Ծրագրին աւարտէն ետք անոնց 70 տոկոսէն աւելին մնայուն կերպով կ՚աշխատի Հայաստանի մէջ, վարելով նաեւ բարձր պաշտօններ:
Հարցումներու պարագային կարելի է կապ հաստատել Յանձնակատարի գրասենեակին հետ diasporafellowships@gov.am ել-հասցէով:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։