Վայոց ձորի մարզպետ Կոլիա Միքայէլեան վերջերս հանդիպում ունեցած է «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի տնօրէնուհի Մարի Լու Փափազեանի հետ: Կողմերը քննարկած են համագործակցութեան առնչուող հարցեր։ Մասնաւորապէս նշուած է, թէ յառաջիկային «Թումօ-տուփ»-եր պիտի տեղադրուին Ջերմուկի, Արենիի եւ Շատինի մէջ, որոնք պիտի նպաստեն երիտասարդներու ստեղծարար կարողութիւններու դրսեւորման եւ զարգացման:
Ընդգծելով շարունակական կրթութեան եւ նորագոյն արհեստագիտութիւններու դերը մրցունակ երիտասարդութեան ձեւաւորման գործին մէջ՝ մարզպետը ըսած է, թէ մարզային իշխանութիւնները պատրաստ են աջակցութիւն ցուցաբերելու մարզի ընդհանուր զարգացման եւ երիտասարդներու յառաջընթացին նպաստող այս նախաձեռնութեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։