Search
Close this search box.

Ազերպայճանի մէջ ԵՄ-ի դեսպանը ափսոսանք յայտնած է Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի առաքելութեան դէմ Պաքուի արշաւին կապակցութեամբ

Ազեր­պայճա­նի մէջ Եւ­րո­պական Միու­թեան (ԵՄ) դես­պան Փեթեր Մի­խալ­քօ ափ­սո­սանք յայտնած է Հա­յաս­տա­նի մէջ ԵՄ-ի առա­քելու­թեան դէմ ազեր­պայճա­նական լրաս­փիւռնե­րու ար­շա­ւին կա­պակ­ցութեամբ։

«Կը ցա­ւիմ, որ վեր­ջին օրե­րուն ազեր­պայճա­նական որոշ լրաս­փիւռներ բա­ցար­ձա­կապէս ան­հիմն քննա­դատու­թիւն հրա­պարա­կեցին Հա­յաս­տա­նի մէջ Եւ­րո­պական Միու­թեան առա­քելու­թեան հաս­ցէին»,– X-ի իր էջին գրած է Մի­խալ­քօ՝ շեշ­տե­լով, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ Եւ­րո­պական Միու­թեան առա­քելու­թիւնը ան­զէն է, պար­տա­կանու­թիւնը դի­տոր­դա­կան առա­քելու­թիւն կա­տարելն է։

Ան վե­րահաս­տա­տած է, որ առա­քելու­թեան նպա­տակը կա­յու­նութեան եւ վստա­հու­թեան ամ­րապնդումն է։

«Եւ­րո­պական Միու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ իր ջան­քե­րը՝ աջակ­ցե­լու Ազեր­պայճա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման»,–եզ­րա­փակած է դես­պա­նը։

Օրերս Պա­քու հա­ղոր­դեց, որ Ազերպայճանի մէջ ձեր­բա­կալ­ուած է Հա­յաս­տա­նի կողմէն սահ­մանը ապօ­րինի անցած Չե­խիոյ քա­ղաքա­ցի մը։ Ազերպայճանա­կան իշ­խա­նամէտ լրասփիւռնե­րը կը փոր­ձեն կապ գտնել անոր եւ Եւրոպական Միութեան դի­տոր­դա­կան առա­քելութեան միջեւ՝ Չե­խիոյ քա­ղաքա­ցին մե­ղադ­րե­լով լրտե­սութեան յանցանքով։ ■