Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Փաշինեան կրկին արտայայտուած է նոր Սահմանադրութեան անհրաժեշտութեան մասին

 

«Խաղաղութիւն չի լինի, եթէ Հայաստանը շարունակի առաջնորդուել Անկախութեան հռչակագրի դրոյթներով» 

Փետրուար 7-ին, վար­­չա­­­պետ Նի­­կոլ Փա­­շինեան խորհրդա­­րանին մէջ ան­գամ մը եւս անդրա­­դար­­ձած է նոր Սահ­մա­նադ­րութեան անհրա­ժեշ­տութեան։ Ան ըսած է, որ ներ­կա­յի Սահ­­մա­­­նադ­­րութեան մէջ յղում կայ Ան­­կա­­­խու­թեան հռչա­­կագ­­րին, ուր «երեք հիմ­­նա­­­կան ու­­ղե­­­նիշ դրուած են՝ հայ ժո­­ղովուրդի իղ­­ձե­­­րը, պատ­­մա­­­կան ար­­դա­­­րու­­թիւնը եւ Լեռ­­նա­­­յին Ղա­­րաբա­­ղի խնդի­­րը»։

Ան պնդած է, թէ խա­­ղաղու­­թիւնը ան­­կա­­­րելի է, եթէ Հա­­յաս­­տան շա­­րու­­նա­­­կէ առաջ­­նորդուիլ Սահ­­մա­­­նադ­­րութեամբ ամ­­րագրուած Ան­­կա­­­խու­­թեան հռչա­­կագ­­րի նոյն դրոյթնե­­րով։

“Խնդի­­րը հե­տեւեալն է. ո՞րն է պատ­­մա­­­կան ար­­դա­­­րու­­թիւնը, կա­­րող են լի­­նել պատ­­մա­­­կան ար­­դա­­­րու­­թեան տար­­բեր մեկ­­նա­­­բանու­­թիւններ, եւ խնդի­­րը այդտեղ է, մեր պե­­տու­­թեան հիմ­­քում դրել ենք պատ­­մա­­­կան ար­­դա­­­րու­­թեան ձգտու­­մը, բայց չենք ձե­ւակեր­­պել՝ ո՛րն է այդ պատ­­մա­­­կան ար­­դա­­­րու­­թիւնը։ Հա­­յաս­­տա­­­նի ամե­­նատար­­բեր քա­­ղաքա­­կան ու­­ժեր, խմբեր պատ­­մա­­­կան ար­­դա­­­րու­­թիւն ասե­­լով հաս­­կա­­­նում են բո­­լոր­ո­վին տար­­բեր բա­­ներ։ Նոյ­­նը՝ ո՞րն է հայ ժո­­ղովրդի իղ­­ձը, … եւ վեր­­ջա­­­պէս ի՞նչ է նշա­­նակում յղու­­մը Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Լեռ­­նա­­­յին Ղա­­րաբա­­ղի միաւոր­­ման մա­­սին որոշ­­մա­­­նը։

Մենք ի՞նչ ենք անում, մեր քա­­ղաքա­­կանու­­թիւննե­­րը հե­­տագա­­յում եւս կա­­ռու­­ցում ենք դրա՞ վրայ. եթէ այո՛, ու­­րեմն դա նշա­­նակում է, որ խա­­ղաղու­­թիւնը անհնար է։ Մենք այս հար­­ցե­­­րին պէտք է պա­­տաս­­խա­­­նենք, եւ եթէ այդ քննար­­կումը տե­­ղի չու­­նե­­­նայ, ոչ մի բան չի ստա­­ցուե­­լու”,– յայ­­տա­­­րարած է վար­­չա­պետը։

«Հա՞յ ժողովուրդ, թէ՞ Հայաստանի ժողովուրդ»

Նոյն նիս­տին, կա­ռավա­րու­թեան հետ հար­ցում-պա­տաս­խա­նի բաժնին մէջ վար­չա­պետ Փա­շինեան քննարկման բո­լորո­վին նոր էջ բա­ցած է՝  հա՞յ ժո­ղովուրդ, թէ՞ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան ժո­ղովուրդ։ Ի դէպ, այս հարցը ուղղակը կ՚առնչուի նաեւ պատմութեան դասագիրքերու անուանումին հետ՝ Հայո՞ց պատմութիւն, թէ՞ Հայաստանի պատ­մութիւն։ 

“Ոչ մէ­կը չի խան­գա­րում, որ հայ ժո­ղովուրդը լի­նի Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովուրդ, որով­հետեւ Հա­յաս­տա­նում գոր­ծում է եւ շա­րու­նա­կելու է գոր­ծել երկքա­ղաքա­ցիու­թիւն։ Ով իրեն նոյ­նա­կանաց­նում է այդ ինքնու­թեան հետ, ոչ մի սահ­մա­նափա­կում չկայ, որ դի­մի եւ ստա­նայ Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցիու­թիւն, որ­պէսզի մենք այդ երկընտրանքով էլ … ասենք, այո՛, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան ժո­ղովուրդը”,– ըսած է ան։ ■