Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ–ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Արարատ Միրզոյեան Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցած է Սթեֆան Սեժուրնէի հետ

Փետրուար 9-ին Փարիզի մէջ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է ֆրանսացի իր պաշտօնակից Սթեֆան Սեժուրնէի հետ:

Միրզոյեան շնորհաւորած է ֆրանսացի նախարարը այդ պաշտոնը ստանձնելուն կապակցութեամբ: Զրուցակիցները հանգամանալից քննարկած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակ՝ անդրադառնալով թէ՛ երկկողմ եւ թէ՛ բազմակողմ հարթակներու վրայ սերտ գործակցութեան հեռանկարներուն։ Անդրադառնալով երկկողմ օրակարգին վերաբերող հարցերուն՝ գոհունակութեամբ նշուած է բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը եւ ընդգծուած բազմաոլորտ համագործակցութեան ամրապնդման պատրաստակամութիւնը։

Հայաստանի և Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձած են յառաջիկային նախատեսուած բարձրաստիճան միջոցառումներուն։ Միրզոյեան եւ Սեժուրնէ մտքեր փոխանակած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան օրակարգին շուրջ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է Եւրոպական Միութեան հետ աշխուժ կերպով խորացող երկխօսութիւնը, որ կը զարգանայ նաեւ նոր ուղղութիւններով եւ որոնք կը միտին Հայաստանի քաղաքացիներուն համար շօշափելի արդիւնքներու ապահովման։ Մանրամասն քննարկուած են Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգային իրավիճակին վերաբերող հարցեր։

Նախարար Միրզոյեան իր ֆրանսացի գործընկերոջ ներկայացուցած է տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման հարցին կապակցութեամբ Հայաստանի տեսլականը:

Ան նաեւ ընդգծած է Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ առանցքային սկզբունքները, յատկապէս տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան, ինքնիշխանութեան անվերապահ յարգանքի կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ սահմանազատման հետագայ գործընթացը Ալմաթիի հռչակագրի ու Խորհ. Միութեան ամենաթարմ քարտէսներու հիման վրայ կատարելու անհրաժեշտութիւնը։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը բարձր գնահատած է Ֆրանսայի առանձնայատուկ ուշադրութիւնը ու ջանքերը՝ ուղղուած Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգային մարտահրաւէրներու յաղթահարման, ինչպէս նաեւ արդար ու կայուն խաղաղութեան հաստատման: