Search
Close this search box.

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հարցազրոյցը բրիտանական The Telegraph-ին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց մը տուած է բրիտանական The Telegraph-ի լրագրող Ռոլընտ Օլիֆանթին:

Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու կարելիութեան առնչուող հարցումին, վարչապետը պատասխանած է.

“Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ճարտարապետութիւնն ու սկզբունքները համաձայնեցուած են։ Նախորդ տարեվերջին շատ մօտ էինք վերջնական բնագրի համաձայնութեան, սակայն Ազերպայճան հրաժարեցաւ բանակցութիւններուն մասնակցելէ, այնուհետեւ ալ նախագահական ընտրութեան օր նշանակուեցաւ։ Հիմա այդ կէտին վրայ ենք”,– նշած է Փաշինեան։

Ազերպայճանի նախագահի Յունուարին կատարած յայտարարութիւնները վարչապետը հարուած կը նկատէ խաղաղութեան հոլովոյթին։ Յիշեցնենք, թէ Իլհամ Ալիեւ վերահաստատած էր Հայաստանի տարածքով դէպի Նախիջեւան միջանցքի իր պահանջը, բացառելով նաեւ Հայաստանէն իր զօրքերուն քաշուիլը։

“Քանի տակաւին Ազերպայճան չէ յայտնած, թէ իր ստորագրութիւնը կը քաշէ յատկապէս Փրակայի եւ Սոչիի յայտարարութիւններէն, ուրեմն շատ յստակ է, որ Հայաստան եւ Ազերպայճան մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութիւնը կը ճանչնան 1991-ի Ալմաթիի հռչակագրի հիման վրայ, եւ որեւէ յայտարարութիւն, որ կը հակասէ այս տրամաբանութեան, ապօրինի կը նկատուի”,– ըսած է ան՝ անդրադառնալով սահմանը Խորհրդային Միութեան վերջին քարտէսով գծելու Հայաստանի առաջարկին՝ Ալիեւի կողմէ մերժումին:

Ռոլընտ Օլիֆանթի՝ «վախ ունի՞ք, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ կրնայ սկսիլ երրորդ պատերազմ մը» հարցումին, վարչապետ Փաշինեան պատասխանած է. “Վախը ճիշդ բառ չէ օգտագործելու համար, որովհետեւ Հայաստան ժողովրդավարական, զարգացող պետութիւն է ու կ՚իրականացնէ լայնածաւալ բարեփոխումներ, եւ միջազգային հանրութիւնը տեսաւ, որ վերջին տարիներուն մեր երկրին դիմադրականութիւնը բարձրացած է։ Ինչ կը վերաբերի տարածաշրջանային ապակայունացման եւ անոր ուղղուած քայլերուն, ի հարկէ այդ ամէնը մտավախութիւն կը պատճառէ որեւէ բանական մարդու”։

Հակադարձելով հայկական բանակը զինելու մասին Ալիեւի քննադատութիւններուն՝ Հայաստանի ղեկավարը ընդգծած է, թէ զինուած ուժեր ունենալը որեւէ պետութեան ինքնիշխան իրաւունքն է. “Հայաստանի իրաւունքն է զօրաւոր եւ մարտունակ բանակ ունենալը։ Բանակը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը, անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը ամրապնդելու համար է”։

«Հայաստան կը ճանչնայ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ նոյնը կ՚ակնկալէ շրջանի երկիրներէն»

“Ես ամէն ինչ կ՚ընեմ, որ մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատուի, կ՚ընեմ աշխատանքի մեզի վերաբերող բաժինը, եւ կը յուսամ, որ մեր տարածաշրջանի միւս երկիրներն ալ այդպէս կը վարուին”,– ընդգծած է ան։

Լրագրողի դիտարկումին, որ Հայաստան նոյնիսկ եթէ խաղաղութեան, տարածքային ամբողջականութեան մասին երաշխիքներ ստանայ Պաքուէն, արդեօք կը հաւատա՞յ Ալիեւին, որ վերջինս հաւատարիմ կը մնայ գոյացած համաձայնութիւններուն, Նիկոլ Փաշինեան արձագանգած է. “Ես կը հաւատամ Աստծուն եւ կը կարծեմ, որ ինքզինք յարգող որեւէ պետութիւն պէտք է հաւատարիմ մնայ իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն”։

Հայաստան՝ ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու հարց չի քննարկեր

“Մենք ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու հարց չենք քննարկած եւ չենք քննարկեր: Մենք ՕԹԱՆ-ի հետ ունինք գործընկերային յարաբերութիւններ, եւ այդտեղ որեւէ նորութիւն չկայ”,– ըսած է վարչապետը։

Ռուսաստանի եւ այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններ

“Հայաստան չի ժխտեր եւ չի մերժեր Ռուսաստանի հետ համագործակցութիւնը՝ ընդհանարապէս, եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ մասնաւորապէս”,– նշած է վարչապետը, աւելցնելով, թէ անվտանգութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան կը քննարկէ ու կ՚աշխատի յարաբերութիւններ հաստատել, օրինակ, Եւրոպական Միութեան, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Իրանի, Հնդկաստանի եւ այլ երկիրներու հետ: “Բնականաբար այդ յարաբերութիւնները ուղղուած չեն Ռուսաստանի դէմ։ Սակայն իրականութիւն է, որ նախապէս մեր ունեցած անվտանգային յարաբերութիւնները չեն դիմագրաւեր մեր անվտանգային կարիքները”,– յայտնած է Փաշինեան։