Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան մնայուն հարցերու յանձնաժողովի փոխնախագահ Արմէն Խաչատրեան «Ազատութիւն» լրասփիւռին հետ հարցազրոյցին յայտարարած է, թէ այսօր Հայաստան ունի ռազմաթեքնիքական համագործակցութեան, զէնքի ձեռքբերման շատ լուրջ պայմանագրեր ոչ միայն Հնդկաստանի ու Ֆրանսայի հետ, այլեւ այլ բնագաւառին մէջ յառաջընթաց արձանագրած ուրիշ երկիրներու հետ։
«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխանը փակագիծեր չէ բացած՝ ըսելով, թէ այդ մասին անշուշտ պիտի չխօսին, բայց «վերջին մէկ-երկու տարում մեծ ծաւալի աշխատանք է իրականացուել, որի արդիւնքները շատ մօտ ապագային կը տեսնենք»։ Ան աւելցուցած է. “Մենք ձեռք ենք բերում այնպիսի զինատեսակներ, որոնք կարելի է համարել գերժամանակակից՝ գոնէ չորրորդ-հինգերորդ սերունդի զէնք ենք ձեռքբերում։ Մենք օգտագործուած զէնք ձեռք չենք բերելու։ Այսինքն՝ ուսումնասիրելով ժամանակակից պատերազմների մարտավարութիւնը՝ մենք նաեւ լուրջ վերլուծութիւններ ենք կատարում, ինչպէս նաեւ 44-օրեայ պատերազմի դառը փորձից ելնելով, մենք արդէն գիտենք, թէ ինչպիսի զինատեսակներ են պէտք, եւ այն երկրները, որոնք ունեն այդ զինատեսակները եւ պատրաստ են մեզ վաճառելու, մենք, միանշանակ, համագործակցում ենք այդ երկրների հետ”։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։