Search
Close this search box.

Շնորհակալութեան խօսք Ալֆորվիլի քաղաքապետ՝ Պարոն Լիւք Քարվունասին եւ իր վարչական խորհրդականներուն

Ֆրան­սա­յի մէջ Հայ Մշա­կոյ­թի Զար­գացման Ըն­կե­րակ­ցութիւ­նը (ԱՓ­ՔԱՖ) մե­ծապէս երախ­տա­պարտ է եւ հրա­պարա­կաւ իր խո­րին շնոր­հա­կալու­թիւնը կը յայտնէ քա­ղաքա­պետ՝ պա­րոն Լիւք Քար­վունա­սին, ինչպէս նաեւ վար­չա­կան իր խորհրդա­կան­նե­րուն, որոնք բա­րի գտնուեցան նպաս­տե­լու, լրաց­նե­լու հա­մար «Մա­րիամ Արա­պեան» ման­կա­պար­տէ­զի շի­նարա­րու­թիւնը։ Ալ­ֆորվի­լի ման­կա­պար­տէ­զի լման, ինչպէս նաեւ նա­խակրթա­րանի կարգ մը աշա­կերտներ, այս նոր մաս­նա­շէն­քին մէջ, ար­դի պայ­մաննե­րով պի­տի ստա­նան իրենց կրթու­թիւնը, եւ ուր Քա­ղաքա­պետա­րանի հո­վանա­ւորու­թեան տակ պի­տի կազ­մա­կեր­պուին նաեւ մշա­կու­թա­յին մի­ջոցա­ռումներ։

ԱՓ­ՔԱՖ շա­հագրգռուած է յա­ռաջի­կայ գար­նան ամ­բողջա­պէս աշա­կերտնե­րու տրա­մադ­րութեան տակ դնե­լով նո­րակա­ռոյց մաս­նա­շէն­քը, գոր­ծող կարգ ու կա­նոնի պայ­մաննե­րով եւ հան­գուցեալ պա­րոն Գէորգ Արա­պեանի կամ­քին յար­գանքով։ Բա­րերա­րի մօ­րը ձօ­նուած այս մաս­նա­շէն­քին աւար­տը պի­տի գայ ամ­բողջաց­նե­լու կրթա­կան հա­մալի­րի ընդհա­նուր անուանա­կոչու­մը, զոր պա­րոն Գէորգ Արա­պեան իր մա­հէն (3 Յու­լիս 2023) քա­նի մը ամիս առաջ, յօ­ժարե­ցաւ ըն­դունիլ՝ «Գէորգ Հ. Արա­պեան – Սուրբ Մես­րոպ» բա­նաձե­ւումով։

Ծրագ­րի յա­ջորդ փուլե­րուն մա­սին ԱՓ­ՔԱՖ տե­ղեակ կը պա­հէ հա­սարա­կութիւնը։

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ԱՓՔԱՖ-Ի ■