Search
Close this search box.

Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան հրաժարած է իր պաշտօնէն 

Փետրուար 14-ին, Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան հրաժարած է իր պաշտօնէն։ Ան Դիմագրքի իր էջին այս կապակցութեամբ մասնաւորապէս գրած է.

«Ստացուեց այնպէս, որ ես Տնտեսութեան նախարարի պաշտօնին այլեւս չեմ ծառայելու Ձեզ։ Անցնող աւելի քան երեք տարիներին աշխատել եմ անմնացորդ նուիրուածութեամբ, լցուած սիրով Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացու նկատմամբ։ Իմ աշխատանքի օրերը ապրել եմ հզօր Հայաստան ունենալու գերիշխող մղումով։ Եղել եմ վճռական, ազնիւ ու նուիրուած հայրենիքին։

(…) Երբ 2020 Նոյեմբեր 20-ին ստանձնեցի նախարարի պաշտօնը, մեծ էր հաւանականութիւնը, որ մի քանի օր կամ մի քանի ամիս կը մնամ այդ պաշտօնին. իշխանափոխութեան հաւանականութիւնը շատ մեծ էր։ Այս ժամանակահատուածում բազմաթիւ անհամաձայնութիւնների պատճառով բազմիցս ուզած եմ լքել այս աշխատանքը, սակայն ստորադասել եմ իմ անձը, որպէսզի առաւելագոյնի հասցնեմ իմ ծառայութեան արժէքը իմ երկրին։

Շնորհակալ եմ վարչապետին իմ երկրին ծառայելու այս հնարաւորութեան համար»։