Շուտով՝ 2024 Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենան ԱՄՆ-ու նախագահական ընտրութիւնները, որոնց իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Թրամփ, հակառակ անցեալ շրջանին, Ճօ Պայտընի դիմաց իր պարտութեան։ Ընտրուելու պարագային, այս մեծ արկածախնդիր անձնաւորութիւնը նորէն Հայաստանի համար կրնայ սպառնալիք դառնալ, ինչպէս որ պատահեցաւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին։ Եւ ընդհանրապէս ծանր հետեւանք կ՚ունենայ տարածաշրջանին համար, դատելով անցեալին անոր ունեցած բացասական ազդեցութենէն, որուն զոհ գացին Քիւրտերն ու Պաղեստինցիները։
ԱՄՆ-ու ժողովուրդին ծայրայեղ աջակողմեան թեքումով՝ ԱՄՆ-ու դերակատարութիւնը միջազգային ասպարէզին մէջ բոլորովին կը յեղաշրջէ հաւասարակշռութիւնները, թիկունք կանգնելով ծայրայեղ աջ ղեկավարներու, ինչպէս՝ Էրտողանը, Ալիեւը, Նեթանիահուն…։ Հայաստանի պարագային, Թրամփի նախագահ ընտրութիւնը, Ռուսաստան-Թուրքիա-Ա-
զերպայճան երրեակը վերստին պիտի մղէ 2020-ին սկսած գործը իր աւարտին հասցնելու, Սիւնիքի միջանցքը Հայաստանին պարտադրելով։
Անկախ՝ Թրամփի թեկնածութեան Հայաստանի համար ներկայացուցած վտանգէն, ան նոյնքան ահ ու սարսափ կը յառաջացնէ միջազգային քաղաքական շրջանակներու մէջ, քանի որ համաշխարհային աւանդական քաղաքական դաշինքները սասանող, խնդրականացնող են անոր քաղաքական անկանխատեսելի, ան-
սպասելի որոշումները։ Արդէն անհանգստութիւնը զգալի է ՕԹԱՆ-ի շրջանակներուն մէջ, երբ վերջերս ան յայտարարեց, թէ ԱՄՆ պիտի չերաշխաւորէ Եւրոպայի իր դաշնակիցներուն պաշտպանութիւնը Ռուսաստանի յարձակումներուն դէմ։
Անակնկալ մը չէր Ալիեւի նախագահ վերընտրուիլը։ Ան ամրապնդեց իր դիրքերը, իբր ընտրական յաղթաթուղթ գործածելով Արցախի եւ Հայաստանի դէմ իր յաղթանակները։ Արդէն սկսան գրգռութիւնները։ Երեքշաբթի օր, սահմանային բախումին հայկական կողմը տուաւ 4 զոհ եւ մէկ վիրաւոր։
Այս առթիւ կարեւոր է նշել Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական զօրախումբի ապագայի հարցը, որու հինգամեայ ներկայութիւնը ըստ 2020 Նոյեմբեր 9-ի համաձայնութեան՝ իր աւարտին կը հասնի 2025-ին։ Արդէն, անցեալ Սեպտեմբեր 20-էն, երբ Արցախահայութիւնը ցեղային զտումի ենթարկուեցաւ ռուսական զօրախումբի ներկայութեան ու անոր անգործութեամբ, յստակ էր որ Ռուսերուն ներկայութիւնը Արցախի մէջ անիմաստ դարձած էր։ Այսուհանդերձ, Ազերիները դեռ կը հանդուրժեն անոնց ներկայութիւնը։ Ինչո՞ւ։
2023-էն սկսեալ Ալիեւ փարեցաւ Ռուսաստանի, հրաժարելով Պրիւսէլի եւ Ուաշինկթընի միջնորդութեամբ արեւմտեան եռակողմ հանդիպումներէն։ Արցախի մէջ Ռուսերու ներկայութիւնը իբրեւ պատնէշ գործածեց միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս արեւմտեան դիտորդական առաքելութիւններուն հոն այցելութիւնները խափանելու, ցեղային զտման քննութիւններէ խուսափելու համար։ Կայ նաեւ երկրորդ ու թերեւս աւելի կարեւոր դրդապատճառ մը. որեւէ յարմար առիթի, այդ բանակը պիտի գործածուի Հայաստանի դէմ Ազերպայճանի կողմէ զինեալ յարձակումի ընթացքին, իշխանափոխութիւն կատարելու համար։
Հայաստանի մէջ իշխանափոխութեան հարցը 2020-էն ի վեր անընդհատ կրկնուող նիւթ է հայաստանեան ներքաղաքական ընդդիմադիր եւ ռուսական շրջանակներու կողմէ։ Ռուսաստան, անդադար կը զգուշացնէ Հայաստանը իրմէ հեռանալով դէպի Արեւմուտք՝ նոր դաշնակիցներ փնտռելու վտանգներուն մասին, Արցախի մէջ իր անգործութեան մեղքը բերձնելով Հայաստանի իշխանութիւններու ուսերուն վրայ։ Յստակ է որ առիթը պիտի չփախցնէ Հայատանի մէջ իրեն հպատակ իշխանութիւն ձեւաւորելու, որուն գլխաւոր առիթը կրնայ հանդիսանալ Թրամփի ընտրութիւնը, որ Ռուսաստան-Ուքրաինա պատերազմին ԱՄՆ-ու մասնակցութիւնը նուազեցնելու կողմնակից ըլլալով, տարածաշրջանին մէջ ռուսական գերիշխանութիւնը վերահաստատելու նոր առիթներ պիտի ընձեռէ։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։