Փետրուար 14-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Լիւքսեմպուրկի իր պաշտօնակից Զաւիէ Պեթելի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի ներկայացուցչական գրասենեակին պաշտօնական բացման արարողութիւնը։
Միրզոյեան բարձրացուցած է Հայաստանի դրօշը, այնուհետեւ հնչած են երկու երկիրներու փառերգերը։
Աւարտին ելոյթ ունեցած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը եւ ընդգծած Լիւքսեմպուրկի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան հաստատման կարեւորութիւնը՝ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։