Փարիզի մէջ France 24 հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, թէ Հայաստանի վրայ Ազերպայճանի յшրձակումը շատ հաւանական է, շեշտելով, որ այդ կը վկայեն Պաքուէն հնչող յայտարարութիւնները։
Ան ըսած է, թէ Պաքուի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը «Արեւմտեան Ազերպայճան» անուանելը եւ Ներքին Հանդի վերջին յարձակումը ցոյց կու տան, թէ սա պահուս Ազերպայճանի հետ խաղաղութիւն հնարաւոր չէ եւ այդ երկիրը նոր յարձակում կը նախապատրաստէ Հայաստանի դէմ։
“Ալիեւ ոչ թէ խաղաղութեան պայմանագիր կ՚ուզէ` հիմնուած տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ, այլ առաւելաբար նպատակ ունի Հայաստանէն նոր տարածքներ գրաւելու”,– ըսած է վարչապետը։
Ինչ կը վերաբերի Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին տրամադրուող ռազմական օգնութեան` Փաշինեան հերքած է Պաքուի մեղադրանքները, որ իբրեւ թէ Փարիզ «կրակի վրայ իւղ կը լեցնէ», ընդգծելով, որ Ազերպայճան իր կարգին միլիառներ կը ծախսէ սպառազինութեան ձեռքբերման համար։
Ան անդրադարձած է նաեւ ՀԱՊԿ-ին՝ Հայաստանի անդամակցութեան հարցին, նշելով, թէ Հայաստանի մասնակցութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրին, ուր գերիշխողը Մոսկուան է, «սառեցուած է»: Փաշինեան միաժամանակ հաստատած է, որ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի պահպանման հարցը օրակարգի վրայ չէ արձանագրուած։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։