Search
Close this search box.

Քրեմլին հակադարձած է Փաշինեանի՝ ՀԱՊԿ-ի վերաբերեալ յայտարարութիւններուն

Փետրուար 23-ին, անդրադառնալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ՀԱՊԿ-ի վերաբերեալ յայտարարութիւններուն, Ռուսաստանի նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նշած է, թէ Հայաստան պաշտօնական ծանուցում չէ ղրկած ՀԱՊԿ-ին՝ իր անդամակցութեան սառեցման մասին: Ան ընդգծած է, թէ կը նախատեսեն հայկական կողմին հետ շփումներու ընթացքին յստակացնել ՀԱՊԿ-ին՝ Հայաստանի անդամակցութեան հետ կապուած իրավիճակը:

“Հայկական կողմը այս առնչութեամբ որեւէ պաշտօնական գործողութիւն չէ կատարած։ Մենք կը պատրաստուինք կապ հաստատել մեր գործընկերներուն հետ եւ պարզաբանել այս յայտարարութիւններուն իմաստը”,– ըսած է ան:

Նշենք, թէ վարչապետ Փաշինեան France 24-ին տուած հարցազրոյցին, անդրադառնալով ՀԱՊԿ-ին՝ Հայաստանի մասնակցութեան հարցին, նշած էր.

“ՀԱՊԿ-ն, մեր գնահատումով, չէ կատարած անվտանգային ոլորտի իր պարտաւորութիւնները Հայաստանի նկատմամբ, մասնաւորապէս 2021, 2022 թուականներուն, եւ այդ հարցը չէր կրնար մեզի համար անհետեւանք մնալ: Այդ հետեւանքն այն է, որ մենք այսօր գործնականին մէջ, ըստ էութեան, սառեցուցած ենք մեր մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին”: