Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Համագործակցութեան յուշագիր՝ Անթոնի քաղաքի եւ Հայաստանի Աթլեթիզմի դաշնակցութեան միջեւ

Փարիզի մէջ կայանալիք Ողիմպիական խաղերուն ընդառաջ, Փետրուար 26-ին  Փարիզեան շրջանի արուարձաններէն Անթոնիի եւ Հայաստանի Աթլեթիզմի դաշնակցութեան միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր մը։

Սոյն յուշագիրով Անթոնի քաղաքը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Ողիմպիական խաղերու ընթացքին ընդունելու հայ մարզիկները՝ վերջիններուս տրամադրելով նաեւ քաղաքի մարզական ենթակառոյցներէն օգտուելու կարելիութիւն։

Յուշագիրը ստորագրեցին Անթոնիի քաղաքապետ Ժան-Իվ Սենան, Հայաստանի Աթլեթիզմի դաշնակցութեան նախագահ Ռոբերտ Էմմիեան եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան երրորդ քարտուղար Շիրազ Յովակիմեան։ Վերջինս իր ելոյթին շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին, որ միշտ ալ Հայաստանի ու Հայութեան կողքին եղած է եւ ատոր վառ վկայութիւնն է արդէն շուրջ երեք տարիէ ի վեր քաղաքապետարանի ճակատին ծածանող հայկական դրօշակը։

Յուշագիրի ստորագրութեան հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին նաեւ Անթոնիի փոխքաղաքապետը, քաղաքային խորհուրդի անդամներ եւ Ֆրանսայի Աթլեթիզմի դաշնակցութեան ներկայացուցիչներ։