Իրաք կատարած իր պաշտօնական այցելութեան առաջին օրը՝ Փետրուար 26-ին, Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեան իր կեցութեան հիւրասրահին մէջ ընդունած է Իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական եպիսկոպոս Կիւլկիւլեանը, հոգեւորականաց դասը, Իրաքահայ թեմի ազգային իշխանութիւնը, Առաջնորդարանին առընթեր գործող յանձնախումբերու եւ հայ միութենական հաստատութիւններու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի քահանայ հայրն ու ներկայացուցիչները:
Իր ողջոյնի խօսքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան հայրը համառօտ կերպով ներկայացուցած է iրաքահայ համայնքի պատմութիւնը, նաեւ գաղութի զաւակներուն անունով խորազգած երախատագիտութիւն յայտնած է նախագահին՝ Իրաք պատմական այցելութեան համար, ապա իբրեւ յուշանուէր, Իրաքի մշակոյթը խորհրդանշող արմաւենիի արձանիկ մը յանձնած է անոր:
Իր կարգին, նախագահ Խաչատուրեան նախ շնորհակալութիւն յայտնած է Սրբազան հօր եւ իրաքահայ համայնքին, այնուհետեւ անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տիրող կացութեան, բացատրութիւններ տուած է ներկաները յուզող հարցերուն շուրջ։
Լուսանկարները` Րաֆֆի Լուսեանի
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։