Search
Close this search box.

ԱԱԾ. «Հայաստան որոշած է Պաքուին յանձնել Հայաստան մտած ազերի զինուորը»

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) հաղորդման համաձայն՝ Հայաստան որոշած է Պաքուին յանձնել Հայաստան մտած ազերի զինուորը։

Զինուորական Ռուսլան Փենախովի նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցուած է. ըստ Քննչական կոմիտէի՝ ան Փետրուար 28-ին Տեղ գիւղի շրջանին մէջ հայկական զինուած ուժերու դիրքերու մօտակայքին յայտնուած էր՝ ազերպայճանական դիրքերու զինուորներու միջեւ միջադէպէն ետք՝ փախուստի դիմելու եւ մոլորուելու հետեւանքով։

«Իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում եւ ըստ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ բարձրագոյն մակարդակով գոյացած համաձայնութեան,– որ երկու կողմերու մոլորուած եւ հակառակ կողմը յայտնուած զինուորները սեղմ ժամանակի ընթացքին պէտք է վերադարձուին,– Հայաստան Պաքուին պիտի յանձնէ Փենախովը»,– նշուած է ԱԱԾ-ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։