Search
Close this search box.

ՆՇՄԱՐ – Հայաստանեան բաբելոներէնը

Նիւթը, որ պի­տի ար­ծարծեմ, առա­ջին ակ­նարկով կրնայ թուիլ ան­տե­ղի, ան­պատշաճ, մա­՛նաւանդ Հա­յու­թեան սա դժուար օրե­րուն… բայց, ըստ իս՝ ընդհա­կառակն, ան կեն­սա­կան կա­րեւո­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող նիւթ է, հարց մը, ճիշդ ալ այդ բո­վան­դա­կին մէջ։

Ան­մի­ջապէս աւելցնեմ նաեւ որ ո՛չ ռազ­մա­կան, ո՛չ քա­ղաքա­կան եւ ո՛չ ալ ռազ­մա­քաղա­քական վեր­լուծում կա­տարե­լու որե­ւէ յա­ւակ­նութիւն պի­տի չու­նե­նամ հոս, այլ միայն թուղթին պի­տի յանձնեմ զիս ան­հանգստաց­նող երե­ւոյթն ու ան­կէ փխող ու միտքս չարչրկող լուրջ հար­ցադրումնե­րը։

Հոս կ՚ու­զեմ խօ­սիլ պար­զա­պէս լե­զուին, հա­յերէ­նին մա­սին, որուն բնա­կան հայ­րե­նիքն է Հա­յաս­տա­նը եւ ուր ամէն օր քիչ մը աւե­լի կ՚աղ­ճա­տուի ան. աղ­ճա­տուիլն ալ ի՜նչ խօսք, բա­բելո­նական լե­զուի կը վե­րափո­խուի։ 

Տո­ղերս գրե­լու մղող վճռա­կան ազ­դա­կը՝ ար­ցախցի շատ ծա­նօթ զի­նուո­րակա­նի մը տուած հար­ցազրոյցն է հայ­րե­նի առաջ­նա­կարգ լրաս­փիւռնե­րէն մէ­կուն։ Այդ հար­ցազրոյ­ցին մէջ յար­գե­լի զի­նուո­րակա­նը իբ­րեւ թէ իր տե­սակէտ­նե­րը կը յայտնէ ներ­կա­յի բարդ վի­ճակէն եր­կի­րը դուրս բե­րելու, կամ գո­նէ նուազա­գոյն կո­րուստով դուրս բե­րելու։ Բնա­կանա­բար այս շրջա­ծիրին մէջ կը կա­տարէ նաեւ տա­րածաշրջա­նի ռազ­մա­քաղա­քական վեր­լուծու­մը եւ այլն, եւ այլն։ 

Բայց… եկէք տե­սէք, որ անոր ըսած­նե­րէն բան չի հասկցուիր, ոչ թէ անոր հա­մար, որ բարդ նիւ­թեր կ՚ար­ծարծէ, այլ որով­հե­տեւ գո­յական­նե­րը, բա­յերը, ածա­կան­նե­րը, որո­շիչ­նե­րը, ու մա­նաւանդ հո­լովումնե­րը վի­ճակա­հանու­թեամբ կը գոր­ծա­ծուին։ Հե­տեւա­բար, երբ օրի­նակ կը խօ­սի «Ա»-ի մը եւ «Բ»-ի յա­րաբե­րու­թեան մա­սին, յայտնի չէ, թէ «Ա»-ը՞ «Բ»-ին, թէ՞ «Բ»-ը «Ա»-ին այ­սինչ բա­նը կ՚ընէ, կամ կ՚օգ­նէ, կը պաշտպա­նէ, կամ կը սպառ­նայ…։ Պի­տի խու­սա­փիմ իր խօս­քե­րէն օրի­նակ­ներ մէջ­բե­րելէ, քա­նի որ այդ թոյլ պի­տի տայ կռա­հել, թէ որո՛ւ մա­սին է խօսքս, մինչ նախ­քան գրիչս ձեռք առ­նելս (կամ աւե­լի ճիշդ՝ ստեղ­նա­շարին դպչիլս)՝ որո­շեր էի չանձնա­կանաց­նել հար­ցը։ Եւ իրա­պէս ալ ան­ձե­րու հետ չէ խնդիրս, հա­մատա­րած երե­ւոյթ է։ 

Վե­րոն­շեալ հար­ցազրոյ­ցը կար­դա­լէ վերջ է, որ վե­րար­ծարծուեցաւ այս հար­ցով մտա­հոգու­թեանս բո­ցը։ Հար­ցադրուեցայ, թէ եթէ խնդրոյ առար­կայ յար­գե­լի զի­նուո­րակա­նը խա­ղաղ պայ­մաննե­րու մէջ իր տուած հար­ցազրոյ­ցի ըն­թացքին այսպէս կը խօ­սի, այսքան ան­հասկնա­լի «ոճ»-ով կ՚ար­տա­յայ­տուի, ար­դեօք ինչպէ՞ս կը հա­ղոր­դակցի թէժ պայ­մաննե­րու մէջ, պա­տերազ­մի ժա­մանակ, ռումբե­րու տակ։ Ինչպէ՞ս կա­րելի է հա­մոզուիլ, որ ան իր միտ­քե­րը ճիշդ կը բա­ցատ­րէ իր օգ­նա­կան­նե­րուն, ստո­րադա­սերուն, մէկ խօս­քով՝ շրջա­պատին։ Ինչպէ՞ս կրնայ բո­լորո­վին ճիշդ ար­տա­յայ­տել ու հա­ղոր­դել իր ի մտի ու­նե­ցած ծրա­գիրը ընդդէմ թշնա­միին։ Ծա­նօթ է, որ դոյզն թիւ­րի­մացու­թիւնը, սխա­լը կրնայ կեան­քեր խլել ռազ­մա­կան ճա­կատին վրայ։ Եթէ հա­զիւ քա­նի մը վայրկեան տե­ւած իր հար­ցազրոյ­ցէն շատ բան չենք հասկնար, հա­պա ինչպէ՞ս զինք պի­տի հասկնան անընդհատ անոր հետ գոր­ծակցող­նե­րը կամ իր հրա­մանին են­թա­կանե­րը։ Ան­կեղծօ­րէն, ես չու­նիմ ասոր պա­տաս­խա­նը։

Պա­րագան նոյնն է երկրի իշ­խա­նու­թեան բազ­մա­թիւ բարձրաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նատու­նե­րու ալ։ Շատ յա­ճախ յայտնի չ՚ըլ­լար, թէ ի՛նչ կ՚ըսեն անոնք։ Սե­պենք թէ կա­րեւոր չէ մեր հասկնա­լը կամ չհասկնա­լը, բայց մի­թէ միայն մե­զի՞ հաս­ցէագ­րուած խօս­քը այդպէս ան­հասկնա­լի է։ Այ­սինքն, անոնք ընդհան­րա­պէս շատ լաւ կ՚ար­տա­յայ­տեն իրենց խօս­քը, բայց երբ կար­գը հաս­նի սե­փական ժո­ղովուրդին՝ միայն հո՞դ է որ «բա­նը ծուռ կ՚եր­թայ»։ Ան­կեղծօ­րէն հա­մոզուած չեմ այդ «լա­ւատես» վար­կա­ծին։ Ուստի, սա եւս շատ կա­րեւոր ու ծան­րակշիռ երե­ւոյթ է, քա­նի որ՝ զու­գա­հեռ մը գծե­լով վե­րեւ նշուած զի­նուո­րակա­նին հետ, կրնամ ըսել, որ հոս եւս, այ­սինքն քա­ղաքա­կանին, դի­ւանա­գիտա­կանին մէջ եւս լե­զուա­կանին կա­պուած նուազա­գոյն սխա­լը, թիւ­րի­մացու­թիւնը, թիւ­րըմբռնու­մը կրնայ աւե­լի քան ճա­կատագ­րա­կան հե­տեւանքներ ու­նե­նալ։ 

Յե­տոյ, լե­զուա­կան այս տխուր հա­մայ­նա­պատ­կե­րին մէջ «կը փայ­լին» նաեւ լրաս­փիւռնե­րը, որոնց պա­րագան ամ­բողջ գի­տաժո­ղով մը պի­տի պա­հան­ջէր եւ աւե­լին՝ վստա­հաբար։ Միայն թող թոյլ տրուի ին­ծի եր­կու խօս­քով վե­րադառ­նալ վե­րոն­շեալ հար­ցազրոյ­ցին։ Սո­վորա­կան պայ­մաննե­րու մէջ, ինքզինք յար­գող լրագ­րող մը պէտք չէր, որ հրա­պարա­կէր այդ հար­ցազրոյ­ցը այն ձե­ւով, որ ներ­կա­յացուած է։ Կամ պէտք է մշա­կէր, լրաց­նէր, կամ ալ ան­տե­սէր, մէկ­դի դնէր։ Բայց ան­կասկած իր խօ­սակցին ծա­նօթ ու կա­րեւոր անձնա­ւորու­թիւն մը ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը զինք մղած է «չմսխե­լու» քա­ղած պտու­ղը։

Որ­պէս եզ­րա­կացու­թիւն. մի՛ ան­տե­սէք, մի՛ ար­հա­մար­հէք լե­զուն։ Լե­զուն միայն ըն­կե­րային շրջա­նակի մէջ հա­ղոր­դակցու­թեան մի­ջոց չէ, ոչ ալ վե­րապա­հուած է լոկ գրա­գէտ­նե­րուն կամ գրա­սէր­նե­րուն։ Բո­լորս պար­տինք մեր առա­ւելա­գոյն ճի­գը թա­փել ըստ կա­րել­ւոյն հասկնա­լի եւ ճիշդ խօ­սելու։ 

Այդ կը պար­տադրէ մեր խօ­սակից­նե­րուն նկատ­մամբ յար­գանքը եւս։ 

Վա՛րկ է նաեւ լե­զուն։ Լե­զուին չտի­րապե­տելու օրի­նակով տրուած պատ­կե­րը կրնայ միայն ու միայն բա­ցասա­կան հան­դի­սանալ, թե­րահա­ւատու­թիւն ներշնչել, մէկ խօս­քով՝ վար­կա­բեկիչ ըլլալ։

Ա.Դ. ■