Փետրուար 18-ին, Իզէռ նահանգի Էշիռոլ համայնքի «Ազատութիւն» հրապարակին վրայ տեղի ունեցան ազգային հերոս Միսաք Մանուշեանի եւ իր 22 ընկերներու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւններ, հովանաւորութեամբ համայնքի նորընտիր քաղաքապետուհի Ամանտին Տըմոռի։ Ներկայ էին նախկին քաղաքապետ Ռենզօ Սիւլի, Կրընոպլի շրջանի Նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրականներու երկարամեայ նախագահ Տանիէլ Մարանճեան, շրջանի դիմադրականներու պատասխանատուներ, դրօշակակիրներ, Սէն Մարթէն տ՚Էռի քաղաքապետ Տաւիտ Քեյրոս, Կրընոպլի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչ Անուշ Յակոբեան-Մարտիրոսեան, Ալփ Մեթրոփոլի ներկայացուցիչ Անահիտ Ֆայ-Մարտիրոսեան, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ համակիրներ։
Առաջին արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Միսաք Մանուշեանի անունը կրող յուշատախտակին առջեւ, ուր քաղաքապետուհին եւ Տ. Մարանճեան քօղազերծեցին ֆրանսական դրօշակով պատուած եւ Մանուշեանի նկարով նոր յուշատախտակ մը, նուիրուած քաղաքապետարանին կողմէ։ Ծաղիկներու զետեղումէն ետք, ներկաները համախմբուեցան նոյն հրապարակին վրայ գտնուող «Մեռեալներու» յուշարձանին (Monument aux Morts) դիմաց, ուր խօսք առին տիկին Տըմոռ եւ Տ. Մարանճեան, անդրադառնալով յանուն ազատութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան նահատակուած Մանուշեանի կեանքին ու սխրագործութիւններուն։
Տ. Մարանճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Էշիռոլի միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու պատասխանատուներուն՝ կրթական հաստատութիւններուն մէջ Մանուշեանին նուիրուած ցուցահանդէսներուն եւ դասախօսութիւններուն համար։
Այնուհետեւ Հայ մշակոյթի տան անդամներէն Գեղամ Ֆայ-Մարտիրոսեան եւ Լիւլիւ Օլիվիէ կարդացին Մանուշեանի՝ իր կնոջ Մելինէին ուղղուած վերջին նամակը, իսկ Ժ. Ֆորեսթիէ եւ Ղուկաս Սիմոնեան՝ Դիմադրութեան շարժումի նահատակներուն անունները։ Տեղւոյն վրայ ծաղկեպսակներու զետեղումէն ետք, հնչեցին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ազգային փառերգերը։
Հուսկ՝ քաղաքապետուհին՝ ի պատիւ Մարանճեանի երկարամեայ վաստակին, անոր պարգեւեց Էշիռոլի շքանշանը։ Գեղեցիկ ծաղկեփունջ մըն ալ նուիրուեցաւ Տիկին Սիլվի Մարանճեանին։
Ոգեկոչման արարողութիւնները աւարտեցան քաղաքապետարանի բարեկամական բաժակով եւ Մշակոյթի տան Տիկնանց կողմէ պատրաստուած համադամներով։
ՇԱՔԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։