Search
Close this search box.

Ալիեւ ներկայացուցած է Ազերպայճանի կողմէ ոչնչացուած կամ գրաւուած զէնք-զինամթերքի ընդհանուր արժէքը. «Ո՞ւրկէ Հայաստանին այդքան գումար» 

Մարտ 14-ին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ յայտարարած է, թէ «2023 Սեպտեմբերին իրականացուած հակաահաբեկչական գործողութեան ընթացքին ոչնչացուած կամ իբրեւ աւար գրաւուած է հայկական կողմին պատկանող ռազմական զինամթերք՝ շուրջ 1 միլիառ տոլար արժողութեամբ։ Իսկ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին ոչնչացուած է շուրջ 5 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնք եւ զինամթերք»:

“Հարց կը յառաջանայ, թէ ո՞ւրկէ Հայաստանին այդքան գումար։ Ակնյայտ է, որ ադ բոլոր զինատեսակները, զորս հայկական կողմը կը գործածէր մեր դէմ՝ անվճար տրամադրուած է”,– նշած է Պաքուի բռնապետը:

Ան անդրադարձած է նաեւ «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջ» վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հնչեցուցած յայտնի կարգախօսին՝ ըսելով, որ այդ յայտարարութիւնը «ոչ միայն միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտում էր, այլեւ չափէն աւելի յաւակնոտ՝ Հայաստանի նման երկրի մը համար»:

“Հետեւաբար 2020 Սեպտեմբեր-Նոյեմբերին մենք ստիպուած էինք դաս տալու անոնց [Հայաստանին]»,– յայտնած է Ալիեւ։