Search
Close this search box.

Ժ.-Ք. Պիւիսոնի ահազանգը ազերպայճանական սպառնալիքներուն մասին

 

«Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժ.-Ք. Պիւիսոն X ընկերային ցանցին վրայ իր մէկ նոր պատգամով ահազանգ կը հնչեցնէ ազերպայճանական նոր սպառնալիքներու մասին։ Ան կը գը գրէ.

«ԱՀԱԶԱՆԳ. Ազերպայճանի պետական ​​հեռատեսիլէն մնայուն կերպով կը ցուցադրուի զինեալ զինուորի մը լուսանկարը դրօշի մը առջեւ՝ հետեւեալ սպառնալից վերտառութեամբ. “Մնաց ընդամէնը 2 օր, եթէ մեր 4 գիւղերը ժամանակին չվերադարձուին…”:

Պաքու այժմ կը պահանջէ Տաւուշի (Հայաստան) չորս գիւղեր»։