Search
Close this search box.

Ազերպայճանի մէջ կը սպասեն չորս գիւղերը վերադարձնելու Երեւանի գործնական քայլերուն

 

Մինչ Հայաստանի մէջ կը քննարկուին Տաւուշի մարզի ու Ղազախի շրջանի սահմանագիծին գտնուող չորս գիւղերը Պաքուին վերադարձնելու հեռանկարն ու անոր հետեւանքները, սահմանին միւս կողմը ազերպայճանցիները անհամբերութեամբ կը սպասեն Երեւանի գործնական քայլերուն։

Ղազախի բնակիչները «Ազատութիւն» լրասփիւռի ազերպայճանական ծառայութեան հետ զրոյցին՝ Հայաստանի վարչապետին յայտարարութիւնները մէջբերած են՝ նշելով, թէ նախկին ազերպայճանաբնակ գիւղերը պէտք է վերադարձուին «իրական սեփականատէրեր»-ուն։

“Ես ամբողջութեամբ մտիկ ըրած եմ Փաշինեանի ըսածները։ Այնտեղէն կ՚անցնի կպրապատ ճամբայ դէպի Վրաստան։ Հայաստանի վարչապետը կ՚աղաչէ, որ մենք առնենք այդ գիւղերը։ Բայց եթէ խօսք ըլլայ նախկին ոչ-կղզիացած (էքսկլաւային) համարուող գիւղերու մասին, ապա այդ հարցը կրնայ վէճերու դուռ բանալ, որովհետեւ այդ գիւղերը կը գտնուին Հայաստանի տարածքներուն մէջ։ Ատոր համար ալ վարչապետը իր քաղաքացիներէն կը խնդրէ լքել այդ տարածքները, որպէսզի Ազերպայճան պատերազմ չսկսի”,– ըսած է բնակիչներէն Ապտուլա Մամետով։

“Ի հարկէ պիտի վերադարձնեն։ Այսպէս չի կրնար շարունակուիլ, շուտով կը յանձնեն։ Մենք ենք այդ հողերուն սեփականատէրերը, մենք այդ տարածքները չենք ձգեր հայերուն։ Այսքան տառապանքէ ետք պիտի չհրաժարինք Ղազախի գիւղերէն”,– ըսած է մէկ այլ բնակիչ՝ Համիտ Ումուտով: