Ազերպայճանական լրասփիւռներուն համաձայն՝ Ապրիլ 3-ին, ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Պլինքըն նշած է, թէ տեղեկանալով, որ Ապրիլ 5-ին տեղի ունենալիք ԱՄՆ-ու, Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի եռակողմ հանդիպումը անհանգստութիւն պատճառած է ազերպայճանական կողմին, ան կարեւոր համարած է Ալիեւի հետ խօսելով պարզաբանել հարցը։
Ամերիկացի դիւանագէտը յայտնած է, թէ եռակողմ հանդիպումին հիմնական նպատակը՝ Հայաստանի տնտեսական զարգացման առնչուող հարցերու քննարկումն է։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։