Համաձայն աւանդական սովորութեան, Ս. Զատկի յաջորդող օրը համայն հայութեան համար ննջեցելոց յիշատակման յատուկ օր է։ Արդարեւ խուռներամ բազմութիւն հաւաքուած էր քաղաքի հայկական գերեզմանատուներէն ներս, յատկապէս ալ Պալըքլըի եւ Շիշլիի գերեզմանատուներուն մէջ։
Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ կար յաւելեալ ոգեւորութիւն, քանի որ Սահակ Բ. պատրիարք հայրը բացումը կը կատարէր Ս. Սարգիս մատռան հրապարակին վրայ տեղադրուած երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. պատրիարք Հօր կիսանդրիին։
Բացման հանդիսութեան մասնակցեցան Պոլսոյ Աթոռին երկու եպիսկոպոսները՝ Եզնիկ արք. Պետրոսեան ու Արամ արք. Աթէշեան, միաբաններ՝ Զաքէոս ծ. վրդ. Օհանեան, Յարութիւն վրդ. Տամատեան, Յովակիմ վրդ. Սերովբեան, Շնորհք աբղ. Տօնիկեան, Գասպար աբղ. Կարապետեան, Պատրիարքական փոխանորդ Գրիգոր աւ. քհնյ Տամատեան, Զաւէն աւ. քհնյ Պչաքճեան, Նաթան քհնյ Արապեան, Մելքոն քհնյ Փնարճեան, համայնքային հաստատութեանց ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ։
Սամաթիոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան հանդէս եկաւ սրտի խօսքով եւ ըսաւ թէ պարտք կը զգան մեր համայնքի մեծութիւններուն արժանի յարգանքը ցոյց տալու։ Ան նշեց թէ Արամ արք. Աթէշեանի առաջարկով, Վազգէն Պարընի ճարտարապետութեամբ եւ Եթքին Պէրպէրօղլուի նուիրատուութեամբ ու յարգուած արուեստագէտ Էրոլ Սարաֆեանի ձեռամբ պատրաստուած է երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. պատրիարքի կիսանդրին։
Ապա խօսեցաւ Սահակ պատրիարք, որ յատկապէս ըսաւ. “Այսօր մեռելոց յիշատակ է։ Մենք գերեզման կու գանք, ոչ թէ փոշի դարձած աճիւններուն կամ մարմարեայ շիրիմներուն այցելելու, այլ յարգանք ցուցաբերելու անոնց յիշատակին՝ յարութեան հաւատքով”։
Պատրիարք Հայրը հրաւիրեց Արամ արքեպիսկոպոսը, երանաշնորհ Պատրիարք հօր տիրամայրը՝ Մարի Մութաֆեանը եւ միասնաբար վերցուցին կիսանդրին ծածղկող սպիտակ շղարշը։
Ապա Սամաթիոյ Թաղային խորհուրդը Պատրիարք հօր եւ Տիրամօր ձեռամբ արծաթեայ յուշապնակներ նուիրեց ճարտարապետ Վազգէն Պարընին եւ բարերար Եթքին Պէրպէրօղլուին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։